«Արեւելք» (Ուշի).-Օրերս հայրենի Ուշի գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ տարի մը առաջ մահացած ֆրանսահայ գրող Մովսէս Պչաքճեանի նուիրուած յուշ երեկոյ: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առնողներու շարքին էր նաեւ հալէպահայ եւ ներկայիս Երեւան հաստատուած գրող Թորոս Թորանեան: Թորանեան, որ իր յուշերը պատմեց Պչաքճեանի մասին, նաեւ անդրադաձաւ անոր դաւանած արժէքներուն եւ գրող կերպարին: Ան նաեւ ըսաւ, որ «մեծ ուրախութիւն է, որ ականատես կը դառնանք այն երեւոյթին, որ հայրենի գիւղի մը մէջ կը յուշ երեկոյ կը կազմակերպուի ի յիշատակ սփիւռքահայ գրողի մը»: Թորանեան նաեւ շեշտը դրաւ, որ հայութիւնը մէկ ամբողջութիւն է եւ ան այս առումով ըսաւ «Երկու ժողովուրդ գոյութիւն չունի, մենք մէկ ժողովուրդ ենք» (Թորանեանի խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել տեսանիւթով):
Յիշեցնենք, որ Պչաքճեանի յուշ երեկոյին նոյնպէս խօսք առած են ՀԳՄ քարտուղար Պետրոս Տէմիրճեան, հայրենի գրողներ Արեւշատ Աւագեան, Յակոբ Յարութիւն, Դաւիթ Մուրատեան եւ Մերուժան Տէր Գուլանեան (խմբագիր «Անդին» ամսագրի):
Յուշ երեկոն կազմակերպուած էր Մարգար Շարապխանեանի (նախկին գանատահայ) եւ «Հայաստան» հրատարակչատան տնօրէն Վահագն Սարգսեանի ճիգերով:
Երեկոյի ընթացքին գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր եւ հնչած են նաեւ Մովսէս Պչաքճեանի գործերէն հատուածներ:
Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» հրատարակչատան կողմէ տարի մը առաջ լոյսին տրուեցան Պչաքճեանի ամբողջական գործերը (թիւով 8 հատոր):