image

Իր ժամանակակիցները երկա՜ր պիտի զգան Թորոս Թորանեանի բացակայութիւնը

Իր ժամանակակիցները երկա՜ր պիտի զգան Թորոս Թորանեանի բացակայութիւնը

 

Արա Սանճեան

Քանի՜, քանի՜ բառ պէտք է կողք կողքի շարել նկարագրելու համար հասարակական ու գրական-հրատարակչական կեանքի տարբեր բնագաւառները, ուր տասնամեակներ շարունակ մշտական ներկայութիւն էր ողբացեալ Թորոս Թորանեանը, յատկապէս՝ Հալէպ-Պէյրութ առանցքին վրայ։
Իբրեւ ժառանգութիւն թողած իր տասնեակ գիրքերն ու անթիւ-անհամար լրագրային յօդուածները իր ապրած ժամանակաշրջանին վրայ լոյս սփռող հետաքրքրական ու հետաքրքրաշարժ սկզբնաղբիւրներ պիտի ըլլան քսաներորդ դարի երկրորդ կիսու Հալէպը, Խորհրդային Հայաստանը, Պէյրութը եւ հայաշխարհի այլ կեդրոնները ուսումնասիրողներուն համար։ Այդ իմաստով երեւի լաւագոյնն է Թորոս Թորանեանը բնորոշել իբրեւ քրոնիկագիր։
Բարեկամ էր բոլորին, ներառեալ՝ հանգուցեալ հայրս։ Ամէն անգամ, որ խօսակցութեան ընթացքին յիշատակուէր Թորոս Թորանեանի անունը, եւ ատիկա յաճախ կ'ըլլար, հայրս գրեթէ անխախտ կը յիշեցնէր դրուագ մը, որուն ներկայ եղած էր։ Խմբային զրոյցի մը ժամանակ, Թորանեանի մտերիմ բարեկամներէն մէկը՝ (կը ներէք անուն պիտի չտամ, որովհետեւ վստահ չեմ թէ ճիշդ կը յիշեմ) իրեն դառնալով ըսեր էր (հօրս ներկայութեան)․ «Թորո՛ս։ Կը վախնամ քեզի բան մը պատմելէ։ Կը վախնամ, որ պատմածս յաջորդ օրը թերթին մէջ պիտի կարդամ․․․»
Իր ժամանակակիցները երկա՜ր պիտի զգան Թորոս Թորանեանի բացակայութիւնը։