25.34c Երեվան
  • Արևմտահայերեն
  • Արևելահայերեն
  • Արևմտ․
  • Արևել․
հնգ, հլս 23
logo
logo
  • Արեւելք
  • Հայաստան
  • Արաբական Աշխարհ
  • Յօդուած
  • Հարցազրույց
  • Խապրիկ
  • Մեր Մասին
  • Պլոկ
  • ✕
  • Արխիվ
    • Արեւելք
    • Հայաստան
    • Արաբական Աշխարհ
    • Յօդուած
    • Հարցազրույց
    • Խապրիկ
    • Պլոկ
image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկան- Իրան փոխադարձ հարուածները կը շարունակուին

«Հըզպալլա»-ի զինաթափումը հնարաւոր է Իսրայէլի ուժերու դուրսբերումէն ետք․ Լիբանանի նախագահ

Կեանքը հեռակառավարիչ չունի, բայց ունի Աստուծոյ վստահելի ձեռքը

Ի՞նչ Է Թաքնված Սամվել Կարապետյանի «Գաղտնի Պլանի» Հետևում․ «Անկեղծ Զրույց» | Գագիկ Սաֆարյան

ՊՆ պաշտօնեան կը մեղադրուի զօրամասէն վառելանիւթ «գողնալու» մէջ

Թրամփ հաստատած է միջուկային համաձայնագիրը, որ Սէուտական Արաբիոյ թոյլ կու տայ ուրան հարստացնել. AP

Նաթանիահու պիտի վերընտրուի՞. Գլխաւոր հարցում մը

ԱՄՆ-ն Իրանի դէմ պատերազմի վրայ ծախսած է աւելի քան 37 միլիառ տոլար․ Հեկսեթ

Տանըլտ Թրամփ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպման խոստացած է օգնել Լիբանանին

Երգը, գաղափարը եւ անմահութիւնը․ Գէորգ Հաճեան

  • Գլխավոր
  • Մենք այս հայրենիքը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր, մենք այս յաղթանակը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր. Վարչապեի շնորհաւորական ուղերձը
  • 263
  • 28/01/2019

Մենք այս հայրենիքը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր, մենք այս յաղթանակը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր. Վարչապեի շնորհաւորական ուղերձը

Մենք այս հայրենիքը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր, մենք այս յաղթանակը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր. Վարչապեի շնորհաւորական ուղերձը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր, ներկայ եղած է Բանակի օրուան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 27-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական հանդիսութեան: Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Բանակի օրուան առիթով, ուր, մասնաւորապէս նշած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ,

Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ,

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մեծարգոյ նախագահ,

Կառավարութեան յարգելի անդամներ,

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան յարգելի նախարար,

Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ,

Պետական այրեր,

Հոգեւոր հայրեր,

Յարգելի հիւրեր,

 

Հնդկական հազարամեայ հանելուկը կը հարցնէ. ի՞նչն է, որ չես նկատեր, քանի դեռ այն չէ հեռացած: Պատասխանը հետեւեալն է. առողջութիւնը: Եւ ասացուածքին իմաստը այն է, որ առողջութիւնդ պէտք է պինդ պահես, որովհետեւ եթէ մեկնեցաւ՝ այլեւս ետ բերել չես կրնար:

Յոյս ունիմ չմտածեցիք, թէ թուղթերը խառնած եմ, եւ կը կարդամ առողջապահութեան աշխատողի օրուան նուիրուած ելոյթի նիւթը: Ի՞նչ կապ ունի ուրեմն այս ասացուածքը Հայոց բանակի 27-րդ տարեդարձին հետ:

Կապը այն է, որ անվտանգութիւնը առողջութեան նման է. քանի կայ, անիկա երբեմն կ՝ընդունուի իբրեւ ինքնին հասկնալի եւ ինքնին ենթադրուող բան մը: Եւ այսօր՝ բանակի տարեդարձին այս հանդիսաւոր օրը, կը կարծեմ արժէ մէկ անգամ եւս արձանագրել, որ այն անվտանգութիւնը, որ մենք ունինք՝ երկինքէն ինկած խնձոր չէ, այլ իրողութիւն մը, որ ձեռք բերուած է մեր բիւրաւոր ազատամարտիկներու, խորհրդային բանակին մէջ ասպարէզը ընդհատած եւ Հայոց հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած սպաներու, նորանկախ պետութեան առաջին զինուոր ու սպայ դարձած առաջամարտիկներու կեանքին, առողջութեան, երբեմն բարեկեցութեան ու ապագային գնով: Եւ եթէ առողջութիւնը մեզի կու տայ բնութիւնը, մեր անվտանգութեան, տուեալ պարագային արտաքին անվտանգութեան ապահովողը մեր զինուած ուժերն են, մեր բանակը:

Ի՞նչ կը նշանակէ Հայոց բանակ. ատիկա կը նշանակէ տարուան առնուազն կէսը ընտանիքէն ու հարազատներէն հեռու, մարտական դիրքերու վրայ անքուն գիշերներ անցնող՝ ժամկէտային, պայմանագրային զինծառայողներ ու սպանէր, որոնք  պատրաստ են իրենց վրայ վերցնելու հարուածը եւ որոնք պատրաստ են ջախջախիչ հակահարուած հասցնելու՝ կանգ չառնելով ոչինչի, նոյնիսկ սեփական կեանքն ու առողջութիւնը կորսնցնելու սպառնալիքին առջեւ:

Ի՞նչ է Հայոց բանակը. ատիկա քանի մը հազար մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող՝ ամիսներով թիկունքէն կտրուած ձիւնածածկ լեռնային մարտական դիրքերն են, միւս կողմէն՝ հարթավայրային մարտական դիրքերն են, ուր ջերմաստիճանը կրնայ գերազանցել 50 աստիճանը եւ զինուորներ, սպանէր, որոնք երբեք ետ, այսինքն՝ դէպի թիկունք չեն նայիր, այլ կը նային առաջ:

Ի՞նչ է Հայոց բանակը. ատիկա հրամանատարական, շտաբային, թիկունքային, հետախուզական ու մատակարարման ահռելի աշխատանք մըն է, որ չի կրնար դադրիլ որեւէ վայրկեան, ինչպէս չի կրնար դադրիլ շնչառութիւնը՝ քնացած ես, թէ արթուն:

Մեր զինուած ուժերը, մեր Ազգային բանակը ահա, մեր երկրի շնչառութիւնն է, որ չի դադրիր որեւէ վայրկեան՝ անկախ անկէ մեր երկիրը քնացա՞ծ է, թէ՝ արթուն, եւ շատ յաճախ մեր բանակի ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ, իւրաքանչիւր գիւղի, քաղաքի, իւրաքանչիւր տան մէջ մենք չենք նկատեր, ինչպէս չենք նկատեր մեր շնչառութիւնը: Եւ այսօր Հայոց փառապանծ բանակի ծննդեան 27-րդ տարեդարձն է, եւ մենք այսօր այստեղ հաւաքուած ենք առաջին հերթին մեր խոնարհումը բերելու մեր բոլոր նահատակներուն, մեր բոլոր ազատամարտիկներուն, սպաներուն, զինուորներուն, որոնց զոհողութեան վրայ կառուցուած է մեր պետութիւնն է ու անկախութիւնը, մեր բանակն ու անվտանգութիւնը, մեր գնահատանքի տուրքը տալու մեր բոլոր զինուորներուն, սպաներուն եւ զօրավարներուն, որոնք ազնիւ ծառայած են եւ կը ծառայեն Հայոց բանակին:

Մենք հաւաքուած ենք մեր յարգանքի խօսքը բարձրաձայնելու բոլոր այն ծնողներուն ու կանանց, որոնք անխոնջ կը կրեն զինուորական զաւակ կամ ամուսին ունենալու անհանգիստ հպարտութիւնը:

Մենք այսօր հաւաքուած ենք վերահաստատելու մեր ուխտը մեր նախնիներուն, մեր հերոսներուն ու նահատակներուն, մեր առասպելական զօրահրամանատարներուն ու զինուորներուն առջեւ. մենք այս հայրենիքը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր, մենք այս յաղթանակը ոեւէ մէկուն չենք զիջիր:

Եւ ուրեմն՝ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը, փա՛ռք Հայոց յաղթանակած բանակին:

Շնորհաւոր Հայոց բանակի 27-րդ տարեդարձը: Շնորհակալ եմ»:

 

 

 

 

 


Միացիր մեզ Տելեգրամում

Սեղմել այստեղ

Միացիր մեզ Յութուբում

Սեղմել այստեղ

Միացիր մեզ Տելեգրամում

Միացիր մեզ Յութուբում

Առնչուող լուրեր

  • 04/07/2021

«Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ Ձեզ եւ Ամերիկա...

22/06/2021

«Հայրենիքը մեր առաքելութիւնն է». Տ. Յով...

09/05/2021

Մայիս 9-ի «Յաղթանակի օրուան» առթիւ Վլատի...

24/04/2021

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը Հայոց Ց...

Կիսուիլ

Ամենաընթերցուածը

Օր Շաբաթ Ամիս Բոլորը
Ի՞նչ Է Թաքնված Սամվել Կարապետյանի «Գաղտնի Պլանի» Հետևում․  «Անկեղծ Զրույց» | Գագիկ Սաֆարյան
23/07/2026

Ի՞նչ Է Թաքնված Սամվել Կարապետյանի «Գաղտն...

Կեանքը հեռակառավարիչ չունի, բայց ունի Աստուծոյ վստահելի ձեռքը
23/07/2026

Կեանքը հեռակառավարիչ չունի, բայց ունի Աս...

Երգը, գաղափարը եւ անմահութիւնը․ Գէորգ Հաճեան
23/07/2026

Երգը, գաղափարը եւ անմահութիւնը․ Գէորգ Հա...

Նաթանիահու պիտի վերընտրուի՞. Գլխաւոր հարցում մը
23/07/2026

Նաթանիահու պիտի վերընտրուի՞. Գլխաւոր հար...

 Բժիշկ Շահէ Տիրարեան․ Մարդասիրութեան, նուիրումի եւ ծառայութեան կեանք մը
20/07/2026

Բժիշկ Շահէ Տիրարեան․ Մարդասիրութեան, նո...

Building Tomorrow’s Armenia Today
17/07/2026

Building Tomorrow’s Armenia Today

Հոմսի մէջ տասը օրուան մղձաւանջի աւարտ․ առեւանգուած քրիստոնեայ կինը ազատ արձակուած է
19/07/2026

Հոմսի մէջ տասը օրուան մղձաւանջի աւարտ․ ա...

Նարեկ Սրբազանի 35-ամեայ քահանայական ուղին՝ հաւատքի, նուիրումի եւ ծառայութեան լոյսով
18/07/2026

Նարեկ Սրբազանի 35-ամեայ քահանայական ուղի...

Պոլսահայ համայնքը սուգով հրաժեշտ տուաւ Նարօտ Ալճանին
17/07/2026

Պոլսահայ համայնքը սուգով հրաժեշտ տուաւ Ն...

Ամերիկան- Իրան փոխադարձ հարուածները կը շարունակուին
22/07/2026

Ամերիկան- Իրան փոխադարձ հարուածները կը շ...

Լիբանանահայութեան մտահոգիչ ներկան եւ սփիւռքի նոր ուղղութիւնները. Զրոյց Վարագ Գեթսեմանեանի հետ
20/07/2026

Լիբանանահայութեան մտահոգիչ ներկան եւ սփի...

․․․Երբ Դամասկոսի առաջնորդը լացաւ եւ լացուց բոլոր ներկաները
21/07/2026

․․․Երբ Դամասկոսի առաջնորդը լացաւ եւ լացո...

Թուրքիոյ մէջ հայկական կոթողներու ճակատագիրը. Քանդուած գերեզմաններէն մինչեւ Վարագայ վանքի վերականգնման յոյսը
17/07/2026

Թուրքիոյ մէջ հայկական կոթողներու ճակատագ...

Թուրքիան դէմ է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան տարածման՝ դէպի Սեւ ծով. Հաքան Ֆիտան
16/07/2026

Թուրքիան դէմ է ռուս-ուքրանական հակամարտո...

Ոչ ևս է Հոնկոնգի հայ համայնքի նվիրյալ և բարերար Հակոբ (Ջեք) Մաքսյանը
07/07/2026

Ոչ ևս է Հոնկոնգի հայ համայնքի նվիրյալ և...

Մակի Իսթիլեանի անժամանակ մահը ցնցեց լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ շրջանակները  

02/07/2026

Մակի Իսթիլեանի անժամանակ մահը ցնցեց լիբա...

«Սփիւռքահայուն պարտքը՝ ո՛չ միայն քննադատել, այլեւ հայրենիքի յաջողութիւններով ուրախանան է».Վարդան Գազանճեան
13/07/2026

«Սփիւռքահայուն պարտքը՝ ո՛չ միայն քննադատ...

 Բժիշկ Շահէ Տիրարեան․ Մարդասիրութեան, նուիրումի եւ ծառայութեան կեանք մը
20/07/2026

Բժիշկ Շահէ Տիրարեան․ Մարդասիրութեան, նո...

Մոնթրէալի հայ համայնքը կը սգայ պատանի Լենիա Եաղըճեանի անժամանակ մահը
01/07/2026

Մոնթրէալի հայ համայնքը կը սգայ պատանի Լե...

Փորձութիւն մը՝ օտար ափերու վրայ, երախտագիտութիւն մը՝ սրտի խորքէն. Տօքթ.Ռաֆֆի Պետիկեանի գրառումը  (Լուսանկար) 
04/07/2026

Փորձութիւն մը՝ օտար ափերու վրայ, երախտագ...

Հալեպի հայկական ծերանոցի խնամյալները դատարանի որոշմամբ ստիպված են եղել լքել  մայրատունը
28/06/2026

Հալեպի հայկական ծերանոցի խնամյալները դատ...

Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան՝ Քեսապի նոր Հոգեւոր տեսուչ      

27/06/2026

Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան՝ Քեսապի...

Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթեան Այցելեց Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցի (Լուսանկարներ)
25/06/2026

Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Պետրոս...

Միակ հայուհին Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ. Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմի շնորհաւորանքը՝ տքթ. Լարա Քատիտին
10/07/2026

Միակ հայուհին Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ....

«Կ'ուզեմ գիտնալ՝ ինչո՞ւ զոհուեցաւ դուստրս...» Ճէսիքա Պէզճեանի պատմութիւնը
04/08/2021

«Կ'ուզեմ գիտնալ՝ ինչո՞ւ զոհուեցաւ դուստր...

Մահացած է հալէպահայ Հուրի Ուղուլեան Սաֆարը
23/07/2021

Մահացած է հալէպահայ Հուրի Ուղուլեան Սաֆա...

 «Ամէն օր կը յիշենք  պայթումի առաջին վայրկեանները...»
04/08/2021

«Ամէն օր կը յիշենք պայթումի առաջին վայ...

Էրտողանի Հսկայական Մզկիթը Ուաշինկթընի Մօտակայքը` Տրովադայի Ձի Է Թուրքիոյ Շահերուն Համար
05/08/2021

Էրտողանի Հսկայական Մզկիթը Ուաշինկթընի Մօ...

Բիթլիս. Հայ երեխաները՝ տիկնիկներով. 1914 թ.
06/03/2023

Բիթլիս. Հայ երեխաները՝ տիկնիկներով. 1914...

Մշեցի երգչուհի Աճին, որից Կոմիտասը երգեր է գրառել
26/04/2022

Մշեցի երգչուհի Աճին, որից Կոմիտասը երգեր...

Զորավար Անդրանիկի հարսանեկան լուսանկարը
14/01/2023

Զորավար Անդրանիկի հարսանեկան լուսանկարը

Քեսաբի վերջին հովիվը՝ Չուլպազը
17/03/2022

Քեսաբի վերջին հովիվը՝ Չուլպազը

Նոբելյան մրցանակակիրը հայկական մանթի է պատրաստում. Լուսանկար
27/01/2022

Նոբելյան մրցանակակիրը հայկական մանթի է պ...

Բեթղեհեմի Կաթի քարայրը
17/01/2022

Բեթղեհեմի Կաթի քարայրը

Լուրեր

Ալիեւ դէպի Մոսկուա
  • 19/07/2021

Ալիեւ դէպի Մոսկուա

Խապրիկ
Քոչարեան հրաժարեցաւ իր մանտաթէն
  • 19/07/2021

Քոչարեան հրաժարեցաւ իր մանտաթէն

Հայաստան
Մեծ երաշխիքը մեր միասնակամ ըլլալն  է. Տօքթ. Վաչէ Վասիլեան
  • 19/07/2021

Մեծ երաշխիքը մեր միասնակամ ըլլալն է. Տօ...

Արեւելք
Ալեն Սիմոնեան Խորհրդարանի նախագա՞հ
  • 19/07/2021

Ալեն Սիմոնեան Խորհրդարանի նախագա՞հ

Հայաստան
Հայ մարզիկները դէպի Ողիմպիական խաղեր
  • 19/07/2021

Հայ մարզիկները դէպի Ողիմպիական խաղեր

Խապրիկ
 Վերջին ժամ. Երասխի  համայնքապետը վիրաւորուած
  • 20/07/2021

Վերջին ժամ. Երասխի համայնքապետը վիրաւո...

Հայաստան
 Հրատապ. «Ալ Սատըր» քաղաքին մէջ պայթում.Կան զոհեր
  • 19/07/2021

Հրատապ. «Ալ Սատըր» քաղաքին մէջ պայթում....

Արեւելք Արաբական Աշխարհ
Վահագն Մելիքեանը հանուեցաւ իր պաշտօնէն
  • 19/07/2021

Վահագն Մելիքեանը հանուեցաւ իր պաշտօնէն

Հայաստան
Կոմսի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի հանդիպումը Պէյրութի մէջ
  • 19/07/2021

Կոմսի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի հանդիպումը Պ...

Լուսանկար եւ պատմութիւն
Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (7)
  • 19/07/2021

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (7)

Յօդուած

© 2015-2026 arevelk.am «Արեւելք» լրատուականէն մէջբերումներու յղումը կատարելը պարտադիր է (www.arevelk.am): Կայքին մէջ տեղ գտած նիւթերը անպայման չէ, որ կը ներկայացնեն խմբագրութեան տեսակէտները: Գովազդներու բովանդակութեան համար կայքը պատասխանատուութիւն չի կրեր:

  • Հեռ՝ 077-556870
  • Էլ. փոստ՝ Arevelk1@gmail.com
  • Գովազդի համար զանգահարել`077-556870
Բեյբի Շոփ