Լիբանանեան «Արսէլ» քաղաքին մէջ գտնուող «Սարայա Ահլ ալ Շամ» ահաբեկչական խմբաւորումն ու իրենց ընտանիքները դուրս եկած են քաղաքէն, եւ յատուկ փոխադրամիջոցներով մեկնած են Դամասկոս:
Այս մասին տեղեկութիւն տուած է «Ալ Տիար» պարբերականի Դվիթըրեան էջը:
Ըստ աղբիւրըն ՝ այս 2 օրուան ընթացքին՝ խմբաւորումի բոլոր անդամները հասած կ’ըլլան Դամասկոս:
Յիշեցնենք որ մի քանի օր առաջ, «Սարայա Ահլ ալ Շամ» խմբաւորումի եւ լիբանանեան բանակի կապին մէջ լարուածութիւն մը եղած էր, որուն հետեւանքով ահաբեկիչներու փոխադրութիւնը յետաձգուած էր այսօրուան:
Նշենք, որ աւելի վաղ «Ալ Նուսրա» խմբաւորման անդամներ եւս հեռացած էին «Արսէլ»ի բարձունքները եւ ցամաքային ճանապարհով տեղածոխուած ՝ Իտլիպ: