Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ հայկական ծագումով Ռուսաստանի քաղաքացի Մարատ Ուէլտանով-Գալուստեան 1,5 ամիսէ ի վեր ձերբակալուած կը մնայ Պաքուի մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ գործարարը ձերբակալուած է իր հայ ինքնութեան համար եւ Պաքուի մօտ Ռուսիոյ դեսպանատան աշխատակիցները ցարդ չեն այցելած անոր: Գալուստեան կը մեղադրուի մեծ քանակութեամբ թմրանիւթ ձեռք բերելու եւ տարածելու մէջ:
Մարատի քոյրը՝ Ռուսաստանի Կրասնոտար քաղաքի բնակիչ Մարիանա Միրզոյեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին խօսելով ըսած է, որ մեղադրանքը որեւէ կապ չունի իր եղբօր հետ եւ իրականութեան մէջ զինք ձերբակալած են իր հայ ինքնութեան համար, լրտեսութեան մէջ կասկածանքով:
Ան նաեւ կը պատմէ, որ Մարատ յաճախ Պաքու կը մեկնէր եւ անցեալ տարի մասնակցած էր համաեւրոպական խաղերու կազմակերպչական գործերուն, սակայն որեւէ խնդիր չէր ունեցած մինչեւ այս տարուան յունիսը: Քրոջ հաղորդմամաբ՝ Մարատ իր ազերի գործընկերներէն թաքցուցած էր իր հայ ծագում ունենալը: Այս անգամ ալ Մարատ Պաքուի մէջ պիտի մասնակցէր «Ֆորմիւլա-1»ի կազմակերպչական աշխատանքներուն:
Օրեր առաջ Ազրպէյճանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանատունը այս կապակցութեամբ դիմած է Ազրպէյճանի համապատասխան մամիններուն՝ բացատրութիւն պահանջելով, նաեւ բողոքի նամակ յղած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան: Անոնք որպէս պատասխան, Ուէլտանովի քրոջ պաշտօնապէս տեղեկացուցած են, որ իր եղբօր թղթածրարը բաւական դժուար է «իր հայկական ծագման պատճառով»:
Ուէլտանով ծնած է Պաքու, կը բնակի Ռուսաստան եւ Ռուսիոյ քաղաքացի է: Հարազատներու պնդումներով, ան երբեք չէ այցելած Հայաստան: