ՀՀ Գլխաւոր դատախազութիւնը ԵԿՄ վարչութեան նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպաններու՝ յանցագործութեան մասին հաղորդումը ստացած է եւ ուղարկած է ՅՔԾ՝ նիւթեր նախապատրաստելու: Այս մասին SHANTNEWS.am-ին տեղեկացուցած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնէն:
ՅՔԾ-էն յայտնած են, որ հաղորդումը դեռ չեն ստացած: Փաստաբանները յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած են այն հիմքով, որ պաշտպանական կողմին 4 յունիսին «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» ՔԿՀ-ին մէջ թոյլ չէ տրուած տեսակցիլ իրենց պաշտպանեալին, ընդ որում՝ առանց որեւէ պատճառաբանութեան: