ՄԱԿ-ը այսօր մարդասիրական օժանդակութիւններու անվերապահ եւ անվտանգ կերպով Սուրիոյ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ երեխաներուն հասանելիութիւնը ապահովելու կոչ ըրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ կոչը եղած էր Պարենի Համաշխարհային Ծրագրի գործադիր տնօրէն Արթրին Քազընի, ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամի «ԵՈՒՆԻՍԵՖ»ի գործադիր տնօրէն Անթոնի Լիքի, ՄԱԿ-ի Մարդկային Հարցերու գլախաւոր քարտուղարի տեղակալ Սթիւըն Օպրայընի, Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Մարկրիթ Չանի եւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփ Կրանտիի համատեղ յայտարարութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Սուրիոյ մէջ տառապանքն ու մարդկայն հիմնական կարիքներու բացակայութիւնը կը շարունակուի եւ կը կարեւորուի այս կացութեան առջեւ աշխարհի լուռ չմանլը:
Յայտարարութիւնը եզրափակուած է, տեղեկացնելով, որ «Սուրիոյ մէջ շուրջ 700 հազար մարդ, որոնցմէ 300 հազարը՝ երեխաներ, կ'ապրին 15 պաշարուած շրջաններու մէջ, մինչ մօտ 5 միլիոն մարդ, որոնցմէ 2 միլիոնը երեխաներ, կ'ապրին այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր դժուար է մարդասիրական օգնութիւններ հասցնել, պատերազմի եւ անվտանգութեան չգոյութեան պատճառաւ»: