Երէկ՝ 19 յուիսին, ՄԱԿ-ը «բարի կամք»-ի դեսպան նշանակուած է 19 ամեայ սուրիացի աքթիւիսթ Մոզուն Ալ-Մլիհան եւ այս նշանակումով ան դարձած է աշխարհի եւ ՄԱԿ-ի պատմութեան մէջ ամենափոքր դեսպանը: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը:
Եունիսէֆի գործադիր տնօրէն Ճասթին Ֆորսիթ այս առթիւ արտայայտելով իր ուրախութիւնը, ըսած է «Այս աղջկան քաջութիւնը, կամքը եւ հետեւողականութիւնը մեծ ուժ պիտի հաղորդէ մեզի՝ մեր մարդասիրական նպատակները իրագործելու համար եւ մենք հպարտ ենք, որ ինք պիտի դառնայ մեր կազմակերպութեան դեսպան»:
Իր հերթին, Մոզուն հպարտութիւնը յայտնած է այս նշանակումին առթիւ եւ խոստացած՝ որ օգտակար պիտի դառնայ պատերազմի հետեւանքներէն տառապող բոլոր մանուկներուն եւ ջանք պիտի չխնայէ անոնց ուսման առիթներ ապահովելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ Մլիհան 2013-ին, Տահէշէն փախելով, իր ընտաիքին հետ Սուրիայէն անցած էր Յորդանան եւ ապաստանած Ալ-Զաաթարի գաղթակայանին մէջ: Ան աչքի ինկած է գաղթականներուն օգնելու եւ անոնց իրաւունքները պահանջելու տարած աշխատանքով: