image

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս Հալէպի հարցով Վէթոներու «պատերազմ»

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս Հալէպի հարցով Վէթոներու «պատերազմ»

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ երէկ երկու վէթոներու օգտագործմամբ տապալեցան Հալէպի համար առաջադրուած երկու ՝ ֆրանս- սպանական եւ ռոուսական նախագիծներ: Մինչ 11 երկիրներ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ կողմէ պատրաստաուած օրէնքին կողմ քուէարկեցին, անդին Ռուսիա օգտագործեց Վէթոյի իր իրաւունքը:

Այդ օրէնքը կ'առաջարկէր արագօրէն հրադադար կայացնել եւ արգելք դնել ռուսական եւ սուրիական ՝ քաղաքին վրայ կատարուող բոլոր օդային գրոհներուն դէմ: Իր կարգին Մոսկուա աւելի ուշ այլ օրէնք մը առաջարկեց, որուն հիմնական կէտն է հրադադարի կայացումը , առանց սակայն խօսելու օդային գրոհներու դադրեցման մասին: Այս անգամ ալ ԱՄՆ եւ Մեծն Բրիտանիա Վէթոյի իրաւունք օգտագործելով խափանեցին օրէնքի կիրառումը: Ապահովութեան Խորհուրդին մօտ Ռուսիոյ ներկայակայուցիչ Վիթալի Չուրքին աւելի ուշ յայտարարեց, թէ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ կողմէ առաջադրուած օրինագիծը միակողմանի օրէնք էր եւ անոր համար ՝ անընդունելի: Իր կարգին Ֆրանսայի ներկայացուցիչը նիստին խօսք առնելով յայտարարեց, թէ իրենց հիմնական մտահոգութիւնը Հալէպի մէջ կրակի դադրեցումն է, որովհետեւ իր ըսելով եթէ պատերազմը այս ընթացքով շարունակուի ապա մինչեւ տարեվերջ Հալէպ քաղաքը պիտի վերանայ քարտէզէն: Ան ըսաւ «մտահոգ ենք, որ եթէ իրավիճակը այսպէս մնայ ապա Հալէպ քաղաքը ընդհանրապէս պիտի ջնջուի»: