Լիոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայկուհի (ծնեալ Աղտամալեան) Էսկիճեանը: 1928-ին Իր աչքերը Պէյրութ բացած Տիկին Հայկուհին յաճախած եւ աւարտած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան: Ան երկար տարիներ մաս կազմած է խմբավար Համբարձում Պէրպէրեանի վարած երգչախումբին: Ողբացեալը ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած է ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի շրջանականերուն մաս կազմող Սերոբ Էսկիճեանին հետ: Տիկին Հայկուհի կազմած է հայաբոյր ընտանիք եւ իր ամուսնոյն հետ տարբեր երկինքներու տակ հայկական ոգին վառ պահած իրենց ընտանեկան յարկին տակ: Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի 3 ապրիլին, Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք, որ Հայկուհի Էսկիճեան մայրն է լիոնաբնակ ազգային- եկեղեցական գործիչ Տիար Վազգէն Էսքիճեանի: