image

Լիբանանի «Տորա» շրջանի «Աղբի սիրահար»ը (Տեսանիւթ)

Լիբանանի «Տորա» շրջանի «Աղբի սիրահար»ը (Տեսանիւթ)

«Ալ Ժատիտ»   կայանին   փոխանցմամբ  Լիբանանի   «Տորա» շրջանին   բնակիչները     շրջանին մէջ  անտանելի դարձած  աղբի  հոտին համար  բողոքի  ձայն բարձրացուցած են: Աւելի ուշ   պարզ    դարձած է, որ աղբերու հանդէպ  «սէր»  ունեցող մարդ մը կ’ապրի    փոքր տան  մը մէջ: Աղբի  «սիրահար»   մարդը բոլոր տեսակի աղբ   կը հաւաքէ  իր տան մէջ:

Ըստ ոստիկանութեան մէկ պատասխանատուին, «աղբի մարդ»ը, որ առանձին կ'ապրի  առաջին անգամը չէ, որ      բողոքի  առարկայ   կը դառնայ եւ  ասկէ առաջ    ոստիկաններ  երեք  առիթներով մօտեցած են  իրեն:

Շրջանի ոստիկաններէն  մին, որ աւելի  վաղ   մտած է  «աղբի սիրահար»ին   տունը նկատել տուած է, որ ան հոգեբանական լուրջ հարցերէ կը տառապի եւ կարիք ունի բուժման: 

Հարցազրոյցի ժամանակ «աղբահաւաք»ը  «Ալ Ժատիտ» կայանին յայտնեց, որ կը հաւաքէ երկաթեայ իրեր, որ յետագային ծախէ  եւ  այդ գումարով  ապրի:

Աղբիւրը այս շրջանի միջադէպը կապեց  երկրին վիճակին հետ, նշելով նաեւ, ոչ  միայն  այդ թաղամասը     աղբի  գարշահոտի «զոհ»ն  է այլ ամբողջ  շրջանը՝ Պուրճ Համուտի    շրջանի աղբակայանին  պատճառով: