«Ալ Ժատիտ» կայանին փոխանցմամբ Լիբանանի «Տորա» շրջանին բնակիչները շրջանին մէջ անտանելի դարձած աղբի հոտին համար բողոքի ձայն բարձրացուցած են: Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ աղբերու հանդէպ «սէր» ունեցող մարդ մը կ’ապրի փոքր տան մը մէջ: Աղբի «սիրահար» մարդը բոլոր տեսակի աղբ կը հաւաքէ իր տան մէջ:
Ըստ ոստիկանութեան մէկ պատասխանատուին, «աղբի մարդ»ը, որ առանձին կ'ապրի առաջին անգամը չէ, որ բողոքի առարկայ կը դառնայ եւ ասկէ առաջ ոստիկաններ երեք առիթներով մօտեցած են իրեն:
Շրջանի ոստիկաններէն մին, որ աւելի վաղ մտած է «աղբի սիրահար»ին տունը նկատել տուած է, որ ան հոգեբանական լուրջ հարցերէ կը տառապի եւ կարիք ունի բուժման:
Հարցազրոյցի ժամանակ «աղբահաւաք»ը «Ալ Ժատիտ» կայանին յայտնեց, որ կը հաւաքէ երկաթեայ իրեր, որ յետագային ծախէ եւ այդ գումարով ապրի:
Աղբիւրը այս շրջանի միջադէպը կապեց երկրին վիճակին հետ, նշելով նաեւ, ոչ միայն այդ թաղամասը աղբի գարշահոտի «զոհ»ն է այլ ամբողջ շրջանը՝ Պուրճ Համուտի շրջանի աղբակայանին պատճառով: