Լիբանանի լրատուական մէկէ աւելի աղբիւրներ յայտարարած են, որ քաղաքական նոր տագնապ մը «հասունացման» հունին մէջ է: Լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը երէկ այս առումով հաղորդած է, որ Լիբանանի ԱԳ նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ Սուրիոյ ԱԳ նախարար Ուալիտ Մուալլէմի միջեւ օրեր առաջ Նիւ Եորքի մէջ կայացած հանդիպումը բողոքի մեծ ալիք յառաջացուցած է երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրիի շրջանակներուն մօտ, որոնք հանդիպումը համարած են իրենց խումբին դէմ առնուած ակնյայտ քայլ:
Իր կարգին Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ այս մասին խօսած է յայտարարած է, թէ այս քայլը կ'ոտնահարէ քաղաքական հիմնական կողմերուն միջեւ առկայ համաձայնութիւնը եւ իրենք այս առումով կը պատրաստուին կտրուկ պատասխան մը տալու:
Կայանը նոյն լուրը վերլուծելով նաեւ ըսած է, որ չի բացառուիր, որ Հարիրի այդ հանդիպման ի պատասխան ներկայացնէ իր հրաժարականը:
Նշենք, որ Հարիրի-Աուն համաձայնութեան շնորհիւ է, որ զօր. Աուն ընտրուեցաւ երկրի նախագահ, իսկ Սաատ Հարիրի, որ այնուհետեւ ստանձնեց երկրի վարչապետի պաշտօնը կարեւոր դեր ունեցաւ քաղաքական այդ համաձայնութեան իրականացման մէջ: