image

Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն կանխուած է

Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն կանխուած է

Լիբանանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան լրատուական գրասենեակը յայտնած է, որ 1994 թուականի ծնունդ սուրիացի մը ձերբակալած է, որ ահաբեկչական խմբաւորման անդամ է եւ անոնց հետ կապի մէջ է:

«Only Lebanon» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, ձերբակալուողը խոստովանած է, որ որոշ ժամանակ առաջ օտարերկրացի կնոջ մը հետ ծանօթանալով սկսած են «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման մասին զրուցել, այնուհետեւ այդ կինը համոզած է զինք Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն իրականացնել, եւ այդ նպատակով զինք ծանօթացուցած է խմբաւորման ղեկավարներէն մէկուն հետ:

Ձերբակալուողը խմբաւորման ղեկավարին առաջարկած է Լիբանանեան բանակի զինուորներ տեղափոխող հանրակառք մը թիրախաւորել, յայտնելով, թէ ինք ամէն օր նման հանրակառքի մը կը հանդիպի, որուն նոյն տեղէն անցնելու ժամն անփոփոխ է, այնուհետեւ յիշեալ հանրակառքի լուսանկարն ալ տրամադրած է «Տահէշ»ի ղեկավարին, իսկ վերջինս զինք ծանօթացուցած է այն անձին հետ, որ պիտի սորվեցնէր պայթուցիկ նիւթերով գօտի պատրաստել, սակայն ձերբակալումը պատճառ դարձած է, որ գործողութիւնը խափանուի:

Ներկայիս Լիբանանի իրաւասու մարմինները հետախուզում կ'իրականացնեն ձերբակալուողին հետ առնչուող այլ անձեր յայտնաբերելու համար