Շատ հաւանական է, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան հարցը այս շաբաթ գտնէ իր վերջնական լուծումը: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող գործակալութիւնները կը յայտնեն նաեւ, որ իրենց ունեցած նախնական տուեալներով, վարչապետ Հարիրի արդէ իսկ պատրաստած է կառավարութեան նոր կազմի ընդհանուր ցանկը եւ շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն բարձրանայ Պաապտայի նախագահական պալատ եւ այդ ցանկը ներկայացնէ նախագահ Աունին:
Կը նշուի նաեւ, որ այդ ցանկին շնորհիւ Հարիրի յաջողած է լուծել այն բարդութիւնները, որոնք պատճառ կը դառնային կառավարութեան կազմութեան յետաձգման:
Յիշեցնենք, որ լիբանանցի տարբեր բարձրաստիճան պատասխանատուներ յայտնած էին, որ կառավարութեան կազմութիւնը դարձած է հրատապ եւ այն իր ժխտական ազդեցութիւնները կ'ունենայ երկրի ընկերային, տնտեսական տարբեր ոլորտներուն վրայ: