image

Լիբանանի Համար Ծանր Օրեր Կը Սպասուին. «Հըզպալլա»ի Նախկին Առաջնորդ

Լիբանանի Համար Ծանր Օրեր  Կը Սպասուին. «Հըզպալլա»ի Նախկին Առաջնորդ

«Ծանր օրեր կը սպասուին Լիբանանի  համար» այսօր այսպէս յայտարարած է,  լիբանանեան «Հըզպալլա»ի նախկին առաջնորդ  Սըպհի  Թուֆայլի: Թուֆայլի, որ հարցազրոյց մը տուած է   «Շարըք Ալ Աուսաթ» օրաթերթին  նկատել տուած է, որ  Լիբանանի մէջ  քաղաքացիական պատերազմի բոլոր բաղադրիչները պատրաստ  են եւ «կը մնայ միայն, որ Ամերիկա     ազդանշանը տայ եւ շուտով Լիբանան   կրնայ  արիւնալի պատերազմի մը մէջ մտնել»: Թուֆայլի խօսած է  «Հըզպալլա»ի  ունեցած զէնքին մասին նկատել տալով, որ «ոչ ոք թող  կարծէ, որ Հըզպալլա»ի զէնքը      կրնայ պահպանել Լիբանանը»  նկատել տալով, որ այդ զէնքը   փորձանք կրնայ  ըլլալ   Լիբանանին համար:  Թուֆայլի խօսելով   Սուրիոյ    տագնապին մասին Միացեալ Նահանգները համարած է գլխաւոր  հրահրիչը  այդ արիւնալի  պատերազմին:   Շիիթ կրօնական գործիչը  կոչ ուղղած է  8  Մարտի  քաղաքական ուժերուն արագօրէն      իրավիճակը սրբագրել այլապէս  անոր ըսելով «վաղը կրնայ  շատ ուշ ըլլալ»: