image

Լիբանանի 12 -րդ նախագահի ընտրութիւնը կ'ուշանայ. Ինչո՞ւ

Լիբանանի 12 -րդ նախագահի ընտրութիւնը կ'ուշանայ. Ինչո՞ւ

Լիբանանի քաղաքական գործընթացներուն հետեւող մէկէ աւելի դէտեր կարծիք յայտնած են, թէ յառաջիկայ ժամերուն կարեւոր զարգացումներ կրնան տեղի ունենալ: Խօսքը բնականաբար երկրին նոր նախագահ մը ընտրելու մասին է: 2014 թուականի մայիսէն ի վեր առանց նախագահի մնացած երկրին քաղաքական հիմնական ուժերը կրնան մէկ օրէն միւսը «անսպասելի» համարուած կողմնորոշումով մը «նարնջագոյն հոսանք»ի առաջնորդ նախկին զօրավար Միշէլ Աունը հասցընել Պաապտայի պալատ: Գաղտնիք ալ չէ, որ  մարոնի նախագահի ընտրութիւնը ապահովող հիմնական երկու ուժերը` սիւննի «Ալ Մուսթաքպալ»ն ու շիիթ «Հըզպալլա»ն է: Այս երկու կողմերուն միջեւ առկայ տարակարածութիւնը յատկապէս ՝ Աունի անուան շուրջ անհնար կը դարձնէ վերջինիս ընտրութիւնը:

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ վերջին օրերուն Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Հարիրիին տրուած նոր «կանաչ լոյս»ը իրավիճակը կը դարձնէ աւելի տրամաթիք: Տրամաթիք, որովհետեւ այսօր երկրի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին կը դառնայ թիւ մէկ քուէարկող եւ անոր ո՛չ-ը կամ այո՛-ն բաւարար ուժ ունին այդ ընտրութիւնը յաջողցնելու համար:

Ամէն պարագայի յստակ է նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ընտրական հիմնական քուէն  ոչ թէ տեղական քուէ է, այլ այն կը պատկանի սիւննի Րիատին եւ հաւասարապէս Շիիթ Թեհրանին: Յստակ է նաեւ, որ այս ամբողջ պարանաձգութեան մէջ մինչ Իրանի նեցուկը վայելող «Հըզպալլա» սպասողական դիրքերէ կը հետեւի դէպքերուն, անդին Հարիրի կը փորձէ քաղաքական դաշտին մէջ եղած պարապը լեցընել:

Տակաւին կարծիք ալ կայ, որ մինչեւ Սուրիոյ հարցերը չկարգաւորուին, դժուար թէ Լիբանան յաջողի ընտրել իր նոր 12-րդ նախագահը:

Պատմական յղում մը ընելով չպէտք է մոռնալ, որ ցանկացած պահու Լիբանանի մէջ շրջանային կողմերուն «օրհնութիւն»ը չունեցող նախագահի մը ընտրութիւնը կրնայ լարուած երկիրը նոր տագնապի մը գիրկը նետել:

Ու բացորոշ է, որ մինչեւ այս ժամը երկրի հիմնական երկու նախագահական թեկնածուները՝ Զօր. Միշէլ Աունն ու երեսփոխան Սիւլէյման Ֆրանժիյէն չունին այդ կողմերէն երկուքին անմիջական նեցուկը:

Լիբանան միջին արեւելեան հաւասարակշռութիւններու զսպանակն է, ու այսօր աւելի քան, որեւէ ատեն բացորոշ է,  որ շրջանային եւ միջազգային շրջանակներ վճռած են ամէն գնով պահպանել անոր անվտանգութիւնը ու այդ առումով է նաեւ, որ անոնց համար առաջնայինը, ոչ թէ նոր նախագահի մը ընտրութիւնն է, այլ՝ անոր անվտանգութեան ապահովումը: