image

Լիբանանեան MEA-ը կը հետեւի պաշտօնական Պաղտատի թելադրանքներուն

Լիբանանեան MEA-ը կը հետեւի պաշտօնական Պաղտատի թելադրանքներուն

Լիբանանի օդանաւային գլխաւոր ընկերութիւն համարուող «Միտըլ իսթ»ը (MEA) յայտարարութիւն մը տարածելով  նշած է, որ «ընկերութիւնը դէպի Իրպիլ իր թռիչքները  պիտի  դադրեցնէ»: Ընկերութիւնը նաեւ  յայտնած է, որ  Պէյրութ- Իրպիլ  թռիչքները պիտի շարունակուին մինչեւ  յառաջիկայ ուրբաթ օր եւ թէ, բոլոր այն անձերը, որոնք կը փափաքին Իրպիլէն դուրս գալ անոնց համար յատուկ թռիչքներ  պիտի  իրականացուին:

Ընկերութեան  բանբեր մը պատասխանելով LBCI կայանին ըսած է, որ իրենք որպէս ընկերութիւն ներկայ հանգրուանին նպատակայարմար գտած են դադրեցնել դէպի Իրպիլ բոլոր թռիչքները եւ այդ առումով հետեւիլ պաշտօնական Պաղտատի  թելադրանքներուն: