Լիբանանեան բանակի սպայ Ռապիի Քահիլի 2015 թուականի յուլիսի 26-ին տեղի ունեցած սպանութեան առթիւ յարուցուած քրէական գործի դատական նիստի ժամանակ ամբաստանեալ Հիշամ Տաու ռազմական դատարանին առջեւ մանրամասն պատմած է տեղի ունեցածը:
«Lebanon 24» կայքին փոխանցմամբ, սպաննուած սպայի ընտանիքը հրաժարած է սպանողին դէմ բողոք ներկայացնելէ:
Մանրամասներուն անդրադառնալով Հիշամ պատմած է, թէ դէպքի օրը իր եղբօր՝ Էլլիին հետ դուրս եկած է տունէն, եւ հազիւ 30 մեթր հեռաւորութեան վրայ նկատած է ինքնաշարժ մը, որուն մէջ սպաննուողն ու շիկահեր աղջիկ մը կային:
Երբ Հիշամ մօտենալով հարցուցած է, թէ ինչ կ'ընեն իրենց պատկանող տարածքին մէջ, սպան կռուարար ոճով պատասխանած է, որմէ ետք երբ Հիշամ փորձած է իր հեռախօսով կապուիլ ոստիկանութեան աշխատակիցին հետ, սպան յարձակելով շպրտած է հեռախօսն ու սկսած հարուածել զինք: Այդ պահուն Հիշամ իր ատրճանակը հանելով քանի մը անգամ կրակած է սպային ոտքին, որ մահացու եղած է վերջինիս համար:
Նիստի ընթացքին Հիշամ յայտնած է, թէ սպանութեան դիտաւորութիւն երբեք չէ ունեցած, այլ իրեն թուացած է, որ գետնի ուղղութեամբ կը կրակէ: Վերջինս յայտարարած է նաեւ, որ զղջացած է իր կատարածին համար եւ կը հայցէ դատարանի բարեխիղճ վճիռը: