image

Լիբանան. Բողոքի ցոյցերու 26-րդ օր. Ցասումի ալիքը կը շարունակուի

Լիբանան. Բողոքի  ցոյցերու    26-րդ օր.  Ցասումի  ալիքը կը  շարունակուի

Լիբանանի մէջ ընթացք առած բողոքի  ցոյցերը  կը շարունակուին։ Երէկ  կիրակի  օր   մեծ  թիւով  ցուցարարներ    հաւաքուած են   Պէյրութի  գլխաւոր  հրապարակները  պահանջելով    արագացնել նոր կառավարութեան  կազմութեան  գործընթացը։

Կը  նշուի նաեւ, որ  այսօր   բողոքի      հաւաքները   կրնան  նօսրանալ, որովհետեւ ինչպէս տարբեր  լրասփիւռներ կը հաղորդեն,  բողոքարարները կը պատրաստուին   վաղուան  կարեւոր   օրուան։

Յիշեցնենք, որ վաղը  Լիբանանի  խորհրդարանը կը պատրաստուի օրէնսդրական նիստ մը գումարել   քննարկելու եւ վաւերացնելու   կարգ մը օրինագիծեր,  որոնց մէջ կան  կարգ մը բանտարկեալներու      համար նախատեսուած օրինագծի  մը վաւերացումը։

Նշենք, որ      այսօր  իր լրումին  կը հասնի  Լիբանանի  մէջ ընթացք առած   բողոքի ցոյցերու 26-րդ  օրը։