Լիբանան այսօր կը նշէ Սուրբ Մարոնի տօնը: Երկրի պետական տօներու ցուցակին մէջ եղող այս տօնին առթիւ երկրի բոլոր պաշտօնական հաստատութիւնները եւ վարժարանները կը փակեն իրենց դռները: Սովորութեան համաձայն, պաշտօնական տօնախմբութիւնը կը կատարուի Մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ արարողութեանց ներկայ կ'ըլլայ երկրի քաղաքական վերնախաւը: Սուրիոյ Հորան աւանին մէջ ծնած Սուրբը կը համարուի հիմնադիրը Մարոնիթ համայնքին, որ իր անունը կրելով կը կոչուի ՝ Մարոնիթ: Նշենք, որ այս երկրորդ տարին է, որ լիբանանցիները տօնը կը նշեն առանց նախագահի, որ կը համարուի Մարոնիթ համայնքի քաղաքական գլխաւորագոյն պատասխանատուն, որովհետեւ Լիբանանի մէջ նախագահութեան պաշտօնը վարելու բացարձակ իրաւունք ունին միայն Մարոնիթ համայքին պատկանող քաղաքացիները: