image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Ապօրինի զէնք կրողներու թիւը դարձած է մտահոգիչ

Լիբանան. Ապօրինի զէնք կրողներու թիւը դարձած է մտահոգիչ

Լիբանանեան «Հիւսիսի դեսպան» թերթին մէջ լրագրող Ահմատ Ալ Հասան յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքի տարածման ու անոր վտանգներուն:

Յօդուածագիրը դիտել տուած է, որ իրաւասու մարմինները աչք կը փակեն ապօրինի զէնքի անկառավարելի տարածման խնդիրին ի լուր:

Յօդուածագիրը նշած է, որ թէ' ուրախ, թէ' տխուր առիթներով արձակուած կրակոցները ամէնօրեայ դրութեամբ կեանքեր կը խլէ, եւ այդ դէպքերուն պատճառ հանդիսացողները անյայտ ու անպատիժ կը մնան:

Ապօրինի զէնքի տարածման գլխաւոր պատճառը, ըստ յօդուածագիրին, երկրի խառնակ վիճակին ստեղծած անապահովութեան զգացումն է, որուն հետեւանքով ալ ժողովուրդին մէջ ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտութիւն կ'առաջանայ:

Հասան կը պնդէ, թէ Լիբանանի անվտանգութիւնը խաթարուած է երկրի տնտեսութեան անկայունութեան, զէնքի ապօրինի տարածման եւ քաղաքական ուժերու միջեւ առկայ բախումներու պայմաններուն մէջ, միաժամանակ շեշտելով, որ հակառակ իրաւասու մարմիններու ջանքերուն, զէնքի ապօրինի տարածումը կասեցնել այլեւս հնարաւոր չէ: