image

Լիակատար աջակցութիւն ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան․ ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը

Լիակատար աջակցութիւն ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան․ ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ԼՂ հակամարտութեան գօտին վրայ իրավիճակի լարուածութեան շուրջ տեղի ունեցած փակ քննարկմէն ետք յայտարարութիւն տարածած է:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․

«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները անհանգստացած են ԼՂ հակամարտութեան գօտիի երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին հաղորդումներուն առնչութեամբ: Անոնք վճռականօրէն կը դատապարտեն ուժի գործադրումն ու ափսոսանք կը յայտնեն մարդկային ու քաղաքացիական զոհերու առնչութեամբ:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները աջակցած են Գլխաւոր քարտուղարին` կողմերուն ուղղուած կոչին` անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, նուազեցնելու լարուածութիւնը ու անմիջապէս վերադառնալու կառուցողական բանակցութիւններու:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները յայտարարած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կեդրոնական դերակատարութեան լիակատար աջակցութեան մասին ու կոչ ըրած են կողմերուն համագործակցելու անոնց հետ` առանց նախապայմաններու երկխօսութիւնը շուտափոյթ վերսկսելու համար»: