Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Արաքսիա Սվաջեան Թիֆլիսի թիւ 104 դպրոցին մէջ ներկայ եղած է «ԱրՄաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացման:
Սա Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ բացուած առաջին «Արմաթ» աշխատանոցն է: Մինչ այդ Վրաստանի այլ բնակավայրերու դպրոցներուն մէջ արդէն կը գործէին 11 «ԱրՄաթ» աշխատանոցներ:
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Վրաստանի Կրթութեան, գիտութեան եւ երիտասարդութեան նախարարի տեղակալ Պայիա Քվիցիանի, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան եւ աշխատանոցի հիմնադիր, Առաջատար արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու միութեան (ԱԱՁՄ) գործադիր տնօրէն Սարգիս Կարապետեան։
Ողջունելով ներկաները՝ Արաքսիա Սվաջեան ընդգծած է ժամանակակից արհեստագիտութիւններուն տիրապետելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս համածիրին մէջ ընդգծած «ԱրՄաթի» կարեւոր դերակատարութիւնը:
«ԱրՄաթ»-ի համակարգող Սեդրակ Վարդանեան բացման արարողութեան մասնակիցներուն ներկայացուցած է աշխատանոցի ընդհանուր գործունէութիւնը, նպատակն ու արձանագրած յաջողութիւնները։
***
2011-էն ներդրուած «ԱրՄաթ» ճարտարագիտական ոչ—պետական կրթական ծրագիրը կ՚իրականացուի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան օժանդակութեամբ, ԱԱՁՄ—ի հետ համագործակցութեամբ:
Ներկայիս Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ կը գործեն շուրջ 630 «ԱրՄաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցներ՝ հասանելիութիւն ապահովելով անոնց կէսին։ «ԱրՄաթ»-ի աշխարհագրութիւնը տարուէ—տարի կ՚ընդլայնի. Ներկայիս, ան կը գործէ նաեւ արտասահմանի մէջ՝ ԱՄՆ, Ֆրանսա, Քուէյթ, Հնդկաստան, Վրաստան: