image

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ուժի Կիրառումը անընդունելի է. Սերկէյ Լաւրով

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ուժի Կիրառումը անընդունելի է. Սերկէյ Լաւրով

Մոսկուա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար  Սերկէյ Լաւրովը, ուրբաթ, 8 ապրիլին յայտարարած է, թէ ռազմական ուժի կիրառումը Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին անընդունելի է: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ Լաւրով ուրբաթ օր Մոսկուայի մէջ իր հայ գործընկերոջ՝  Նալպանտեանին հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ  նշած է, որ հակամարտութեան գօտիներու վրայ անվտանգութեան իրավիճակի վատթարացման  վերջին շրջանին Ռուսաստանը ջանքեր գործադրած է հրադադարի հաստատման գծով, յայտնելով  հրադադարի պայմանաւորուածութեան հաւատարիմ մնալու եւ բախումներու կրկնութիւնը կանխելու համար քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Մինսքի բանակցութիւնները վերսկսելու բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու կարեւորութիւնը:

Իր հերթին, Նալպանտեան նշած է, որ հակամարտութիւններու սրումը վնասած է բանակցային գործընթացին եւ Մինսքի խմբակի ղեկավարներու ջանքերուն, կոչ ընելով «հրատապ քայլեր ձեռնարկել, վերականգնելու համար  իրավիճակի կայունացումը»:

Այսպիսով  երկու կողմերը կարեւորած են Մինսքի խմբակի երեք նախագահներու (Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի) ներկայացուցիչներու առաջարկներու գործադրումը՝ կապուած զինադադարի որոշման, ինչպէս նաեւ Լաւրով իր հայ գործընկերոջը տեղեկացուցած է  Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ իր ունեցած հանդիպումներու եւ քննարկումներու մասին: