Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Յուլիս 11-12, աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Պաքու, երէկ հաղորդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա: «ՌԻԱ Նովոսթի»ի համաձայն՝ Զախարովա նշած է, որ Պաքուի մէջ կայանալիք հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմ օրակարգի հարցեր, ինչպէս նաեւ «միտքեր պիտի փոխանակուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ»:
Լուրը ՝ «Երկիր մէտիա»էն