Բրօ-թրքական ուժերու կողմէ բռնագրաւուած «Թալ Ապիատ» շրջանին մէջ ականի պայթում մը գրանցուած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ պայթումին հետեւանքով զոհուած են երեք միաւորներ, որոնք անդամ են Անգարայի հովանաւորութեան տակ գործող «Ահրար ալ շարքիյա» միլիցին։
Կը նշուի նաեւ, որ վերջին շրջանին լարուածութեան աճ գրանցուած է Թուրքիոյ հովանաւորութեան տակ գտնուող սուրիական կարգ մը հատուածներու մէջ։