image

Կորիզային Գագաթնաժողովը Առանց Ռուսիոյ «Հովանի»ին

Կորիզային Գագաթնաժողովը Առանց Ռուսիոյ «Հովանի»ին

Ուաշինկթըն- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Հինգշաբթի օր ամերիկեան մայրաքաղաք՝ Ուաշինկթըն ժամանած էին աւելի քան յիսուն՝ որոնց շարքին նաեւ վեց արաբական երկիրներու  ներկայացուցիչներ, մասնակցելու՝ կորիզայինի անվտանգութեան գագաթնաժողովին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ գագաթնաժողովին ակնյայտ էր Ռուսաստանի բացակայութիւնը, որուն սակայն մասնակցած էին ԱՄՆ-ի բարեկամ եւրոպական երկիրները եւ Ճափոնի, Հնդկաստանի, Չինաստանի, Հարաւային Քորիայի եւ Լատին Ամերիկայի ղեկավարները: Մինչ արաբական գետնի վրայ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Յորդանանի թագաւոր Ապտուլլահ Բ.ն, Ճազայէրի վարչապետը, Մորոքի ամիրը, Եգիպտոսի եւ Իմարաթի արտաքին գործոց նախարարները  եւ Սէուտական Արաբիոյի կորիզային ներուժի քաղաքի տնօրէնը:

Գագթնաժողովի աւարտին մասնակից կողմերը հանդէս եկան միասնական աւարտական հռչակագրով մը, ուր ներկայացուցած  են կորիզային ահաբեկչութեան դիմադրութեան  ընթացակարգեր, «կորիզայինի անվտանգութեան հիմքերու» ամրապնդման խթանող միջոցներ, ինչպէս նաեւ այդ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան եւ համակարգման եզրեր: