Հայերէն լեզուն թուայնացման շրջանին
Բարեփոխել հայերէն լեզուն՝
տեղեկատուական ճարտարագիտութեան եւ հաղորդակցութեան նոր միջոցներով:
Յունիս 2015ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի հայկական բաժանմունքը եւ Թումօ ստեղծագործական կեդրոնը Երեւանի մէջ միասնաբար կազմակերպեցին աշխատանոց մը քննարկելու համար հայերէն լեզուի հնարաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեան խաչմերուկին։ Հրաւիրուած 30 փորձագէտները անդրադարձան հայերէն լեզուի եւ տեղեկատուական նոր միջոցներու միջեւ բացուած վիհին եւ յստակ առաջարկներ ներկայացուցին որպէսզի կարելի ըլլայ թուայնացման այս շրջանին զարգացնել մեր մայրենին։ Այս հաւաքը նաեւ սկիզբ մը հանդիսացաւ համալսարանական լայն շրջանակներու եւ մասնագէտներու՝ ճշդելու համար հիմնական ծրագիրներ եւ անոնց գանձատրման աղբիւրները։
Այս աշխատանոցին կը մասնակցէին լեզուագէտներ, ճարտարագիտութեան եւ տեղեկատւութեան մասնագէտներ, գրողներ, դասախօսներ, տառատեսակներու ծրագրաւորողներ, հրատարակիչներ, որոնք կը ներկայացնէին թէ՛ արեւմտահայերէնին եւ թէ արեւելահայերէնին, ինչպէս նաեւ արհեստագիտութեան տիրապետող լայն շրջանակ մը։ Քննարկումները յանգեցան առանցքային վեց ոլորտներու, որոնց ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրել եւ բարեփոխել մշակուած նախագիծերը։ Նշեալ վեց մարզերէն նախապատւութիւն կ՚ընծայուի 2016ին պիւտճէ յատկացնելու հետեւեալ երեքին.-
1 – Ծրագիր(ներ) որոնք կը վերաբերին արուեստագիտական բաժնին։ Ստեղծել արեւմտահայերէնի ազգային մարմին (corpus national) մը, որու հիման վրայ կարելի կ՚ըլլայ զարգացնել արեմտահայերէնով համընդհանուր ուղղագրական սրբագրիչ մը, ինչպէս նաեւ
լեզուագիտական այլ սարքեր որոնք կրնան օգտագործուիլ թուայնացման զանազան հարթակներու վրայ։ Ան պէտք է ընդգրկէ բաղադրիչներ որոնք կրնան օգտագործուիլ զանազան ծրագիրներու մէջ։
2 – Ծրագիր(ներ) որոնք կը վերաբերին լեզուական եւ դաստիարակչական մարզին։ Զարգացնել զանազան թուայնական եւ ներգործական (interactives) աղբիւրներ, որոնք պիտի ծառայեն արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն լեզուներու ուսուցման, յատկապէս Սփիւռքի տարածքին։
3 – Ծրագիր(ներ) որոնք կը վերաբերին բովանդակութեան շերտին։ Յառաջացնել բովանդակութեան առցանց գրականութեան միջոց մը եւ խրախուսել զանազան հրատարակութիւններ՝ արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով։
Յառաջիկային մշակուելիք երկու այլ մարզերը կը վերաբերին պատանիներու համար հայկական գիրքերու որակեալ թարգմանութեան, ուր գոյութիւն ունեցող եւ գործածուող համակարգերու մէջ անհասանելի են հայկական տառատեսակները եւ ուր բացակայ են նաեւ հայկական տիպերու յղացողները։
Իսկ աշխատանոցին մէջ քննարկուող վերջին եւ վեցերորդ մարզը կը վերաբերի կառավարման յանձնախումբի մը ստեղծման, որ պիտի գործէ որպէս համակարգող մարմին՝ լուծելու համար այն բոլոր հարցերը որոնք կը վերաբերին հայերէն լեզուին եւ թուայնացման համարկումին։ Այս խումբը կեանքի պիտի կոչուի թեկնածուներու դիմումները քննարկելէ ետք, որեւէ շահարկումէ խուսափելու համար։
Այս կոչով կը յուսանք որ հետաքրքրուողները կը ներկայացնեն իրենց առաջարկները վերոնշեալ երեք հիմնախնդիրներուն շուրջ։ Հայկական համայնքներու բաժինը կը հայթայթէ սկզբնական հիմնադրամը եւ իր գործընկերներու նիւթական օժանդակութեան կը դիմէ աւելի մեծ ծրագիրներ իրագործելու նպատակով։
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է զարգացնել թուայնացման նորարարական արտադրանքը երկարատեւ դրութեամբ, որպէսզի Հայ նոր սերունդը – ի մասնաւորի Սփիւռքի մէջ – թուայնացման միջավայրի մէջ հայերէն լեզուով ստեղծագործէ եւ աշխատի։
Նիւթի աղբիւր՝ hayernaysor