Ուշադրութեան արժանի կողքին վրայ Մեսրոպեան այբուբենի թռչնագիր զարդարանքները, գրքին հասցէն կը վերագրեն «Կայաններ եւ Դիրքորոշումներ», հեղինակ՝ Կիրակոս Գույումճեան, հրատարակութիւն՝ Հայաստանի Գրողներու Միութիւն, Քուէյթ 2015:
Գրքի խմբագիրն է Ահարոն Շխրմտեան, գրաշարութիւն՝ Մանուէլ Քէշիշեան, համակարգչային աշխատանք՝ Մարտիրոս Տօլմաճեան, կողքի ձեւաւորում՝ Սեւան Կիրակոս Գույումճեան:
Առաջին էջին վրայ ձօնն է սրտաբուխ ու հարազատ «Քեզի՝ մեծ հայրերուս հայրենիքին եւ ներշնչումի աղբիւրին», սփիւռքահայի անկեղծ մօտեցումը եւ հոգու կանչը:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Կաթողիոսի՝ Վեհափառական զոյգ օրհնաբեր գիրերը, գիրքը արժէւորելէ անդին, հայ մարդու համար կենարար, օրհնութեան ու քաջալերականի դրսեւորոմներն են: Ապա Սիվիլիթաս հիմնադրամի խորհրդի նախագահ, ՀՀ նախկին արտգործ նախարար Վարդան Օսկանեանի «Կիրակոս Գույումճեան Ու Կարեւոր Բաց Մը» գրութիւնը, որ գրքին կարեւորումը կ'ամրապնդէ: Ու յաջորդաբար... մտաւորական, հրապարակախօս ու գրող՝ Թորոս Թորանեանի «Արաբերէն Լեզուով Գրուած Այս Գիրքը». բազում հայերէն գրքերու թարգմանիչ, մտաւորական՝ Իպրահիմ Խալիլի «Ինքնութեան Եւ Կորուսեալ Վայրի Պահպանում» նոյնինքն, գիրքի վաւերականութեան հաստատումը:
Յառաջաբանը հեղինակին կողմէ գրուած է, ուր յաւելեալ յօդուածներու մասին բացատրութիւնները, իրազեկ կը դարձնեն ընթերցողը մանրամասնութիւններու ու անհրաժեշտ ցուցմունքներ կու տան դէպքի, վայրի, պատահարի վերաբերեալ, որոնք տուն տուած են նման յօդուածներ ընթերցողին ուշադրութեան յանձնելու:
Եւ թարգմանիչին՝ Մանուէլ Քէշիշեանին խօսքը, գիրքի պարունակութեան քաջ տեղեակ ու զայն հարազատ լեզուով ընթերցողին փոխանցող:
Կոկիկ, հետեւողական դասաւորմամբ եւ ճաշակաւոր ձեւաւորումով այս գիրքին յօդուածները մեծաւ մասամբ արաբ ընթերցողին եւ ինչու չէ հայուն՝ լուսաբանական ցոլքեր են, որոնք հետեւեալ խորագիրներու տակ տեղադրուելով, գրքի պարունակութեան բաժանումները կ'ամփոփեն.- «Հայկական Ղարաբաղի շուրջ», «Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հայկական իրաւունքներու շուրջ», «Հայկական մշակոյթի մասին», «Հայ-Արաբական առնչութիւններու եւ ընկերային հարցերու մասին», «Արաբական հարցերու շուրջ», «Յօդուածներ գիրքէն դուրս»: Այս բոլորը արաբերէնէ թարգմանուած: Տակաւին կան փունջ մը հայերէն յօդուածներ եւ կարեւոր կարծիքներ գրքի հրատարակութեան առթիւ յայտնի մտաւորականներու՝ Համզէ Ա'ալիան-ի, Ժոզէֆ Պասիլ-ի, Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ:
Գույումճեանի շնորհակալ աշխատանքը իր յօդուածներու ընդմէջէն ծանօթացնելն է հայկականը, պատմականը, մշակութայինը արաբ ընթերցողին, իսկ այս թարգմանութիւնը դէպի մայրենին, արաբերէնի անծանօթ հայ ընթերցողին առիթ կը ստեղծէ հեղինակին մտածելակերպին, ներաշխարհին ու մատուցման ծանօթանալու:
Տեղին է մատնանշել թէ, Ղարաբաղեան տագնապելի օրերուն, երբ օտար տեղեկատուական միջոցները հակահայկական սփռումներ կը կատարէին, սուտ տեղեկութիւններ ու հակահայ լուրեր կը տպագրէին, Գույումճեան իր գրչով կ'ընէ իր միջամտութիւնը, տրամաբանական իր մօտեցումներով ու հարցի էական, պատմական յստակ պատկերը գծելով արաբ ընթերցողը կը դնէ Ղարաբաղեան հարցի իսկական պատկերին առջեւ: Անկասկած մեծ են տեղեկագրական միջոցներու, հրապարախօսութեան դերը նման պարագաներուն, մանաւանդ, որ հակառակ կողմը յատկապէս արաբական աշխարհի մէջ, իսլամական կրօնի իր գործօններուն կառչած, հսկայական աշխատանք կը տանէր իր սուտերն ու ողբը տարածելու... ի դէպ տակաւին գովազդային այդ աշխատանքը նոյն թափով կը շարունակուի ու զէնքի, քաղաքական ուժի կողքին, շատ մեծ անհրաժեշտութիւն է պրն. Գույումճեանի նման արաբերէն լեզուի գիտակ, արաբական մամուլի աշխատակից մարդոց յօդուածներուն հոսքն ու խաղալիք դերը:
Պրն. Գույումճեանի յանդուգն մօտեցումը յոյժ գնահատելի է, իր խմբագրած փունջ մը բաց նամակներուն ընդմէջէն, յայտկապէս առնչուած հայկական հարցին: Ան պահանջեալ հարկին բաց նամակներ ուղղած է .-«Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն», «Նախագահ Շիրաքին» «Հայորդիէ մը նախագահ Պարաք Օպամային», «Զուիցերիոյ դեսպանին», «Էրտողանին՝ Մեր ակնկալածը ցաւակցական խօսքերէն աւելին է»:
Նաեւ երախտապարտ է եւ շնորհակալ երբ կայ առիթը եւ պարտաւորութիւնը.- «Ֆրանսայի խորհրդարանին... շնորհակալութիւն», «Խորին շնորհակալութիւն արաբ ժողովուրդին»:
Գրքին մէջ կը հանդիպինք լուսանկարներու, ըլլան անոնք յայտնի գեղանկարիչներու, յիշարժան վայրերու, յուշակոթողներու բոլորն ալ իրենց կապը ունին ներկայացուած նիւթերուն հետ:
Գույումճեանի կենսագրութիւնը բնորոշող տողերը կը ներկայացնեն, իր հողերէն դուրս շպրտուած պապի շունչը պահած, Հալէպի ծնունդ, ներկայիս Քուէյթ ապրող, ճակտի քրտինքով ամրապինդ, բարւոք դիրք հաստատած, հայկական մշակոյթով ու գիրով տոգորուած սփիւռքահայու պատկերը:
Բարի երթ Կիրակոս Գույումճեան հայրենասէր, երախտապարտ ու աշխատասէր մարդուն, մասնաւորաբար հայուն:
Նորանոր յաջողութիւններ, նոր գիրքեր ու ազգանպաստ յօդուածներ թող ծաղկին այն բուրաստանին շուրջ ուր հայը կը ստեղծագործէ:
«Արեւելք»