Ամէն օր քիչ մը աւելի
Յակոբ Պալեանի ազգային տագնապները ամէն նոր յօդուածի հետ քիչ մը աւելի սուր բնոյթ կը զգենան. հեւք մը, վազք մը կայ ազգին ու յատկապէս անոր ղեկավարներուն յիշեցնելու այն հիմնական պարտաւորութիւնները, որոնք անկատար կը մնան, եւ ասոնց առաջին շարքին՝ հայրենադարձութեան կազմակերպումը, որ մեր սեպուհ հարցերուն միակ լուծումն է:
Այս տիրական գաղափարն է՝ իբրեւ նորագոյն ու սրտակեղեք պատգամ, որ կարմիր թելի մը պէս սկսած է անցնիլ անոր վերջին շրջանի յօդուածներու գրեթէ բոլորին մէջէն անխտիր:
Է՜հ, գինին հիննալով կը համովնայ, մարդս ալ հիննալով կ’իմաստնանայ:
Անշուշտ ո՛չ բոլորը:
Տասնամեակներով Արեւմտեան Հայաստան հոլովեց, եւ հիմա կ’անդրադառնայ, թէ Արեւմտեան Հայաստանը փրկելու համար՝ պէտք է ապահովել նախ Արեւելեան Հայաստանը:
Կը կարդամ յօդուածները, եւ մտքիս աչքերով կը տեսնեմ այրող մոմ մը՝ առկայծող բոցերով, որ սակայն, բարեբախտաբար, չի հանգիր, չի սպառիր,– աստուածաշնչական իսկական անկիզելի մորենի մը,– ատով ալ երկարաձգելով այս թաքուն ողբը, որ անոր սրտին խորերէն կը ժայթքէ ու կը զրնգայ՝ համակելով ընթերցողը եւ թափանցելով անոր էութեան ամենանուրբ խորշերը:
Ու չեմ կրնար չզարմանալ ու չհիանալ, թէ ուրկէ՞ այսքան իմաստութիւն հաւաքած է ան եւ ինչպէ՞ս կը դիմանայ այսքան տառապանքի բեռին:
Եւ որովհետեւ ոչ՛ աշխարհիկ ու ո՛չ ալ հոգեւոր դոյզն իշխանութիւն ունիմ կացութենէն մազ մը շեղել կարենալու համար, կը յուսահատիմ, կը փղձկիմ, կը զգամ որ դժուար կը շնչեմ, եւ անզօրութենէս՝ ամէն անգամ ալ առջեւս կը պարզուի անելի մը անդունդը, որ յուսահատութեան կը մատնէ զիս:
Այս պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կարելի է հայօրէն ապրիլ սփիւռքի մէջ,– ահա այն հարցը, որ հետեւողականօրէն կը մրճահարէ միտքս ու պղտորէ հոգիս:
Յայնժամ կ’անդրադառնամ, թէ, այո՛, որքա՜ն դժուար է հայ ըլլալ:
Բայց եւ միաժամանակ որքան մե՜ծ շնորհ մըն է ան, որ ահա այսքան առատաձեռն բաշխուած է իմ այս արժանաւոր ընկերոջս:
* *
*
Ես ուրիշ նպատակով ճամբայ ելած էի, երբ վերոնշեալ միտքերը անխուսափելիօրէն գլուխ ցցեցին եւ արտայայտութեան իրաւունք պահանջեցին՝ ապաւինելով իմ տկարութեանս: Բայց եւ այնպէս «անդ գտանին բազում գործք արութեան», որոնք նմանապէս արժանի են «գրոց յիշատակի» եւ կը սպասեն լուծումի:
Հիմա, որ Աստծունը տուինք Աստուծոյ, պատշաճ է, որ Կեսարինն ալ տրուի կեսարին:
Ահա թէ ի՛նչ:
Այսքան ատեն է, ի շարս շատ ուրիշ անուղղայ երեւոյթներու, մեր մտաւորականութեան եւ լրագրողներուն հետ ունիմ կարենալ կոչուած բայի մը անլոյծ հարցը, դուք հասկցէք՝ անէ՛ծքը: Առնուազն ութ, տասը, թերեւս տասնհինգ անգամ (ա՛լ մոռցած եմ) կը կարծեմ մանկավարժական եւ լեզուաբանական ամենավճիտ մեթոտաբանութեամբ բացատրած եմ այս բային կիրարկումի կանոնն ու ծիրը, որոնք այնքան ալ բարդ չեն եւ որոնց պէտք է կարենայ տիրանալ, մատչիլ ոեւէ բանական արեւմտահայ, որ նուազագոյն համարումը ունի իր մտքի պայծառութեան:
Սակայն անօգուտ, ան կը շարունակէ գլուխ ցցել քիչ մը ամէն առիթով եւ ամէն անկիւնէ, երբեմն ակնկալելի, իսկ ընդհանրապէս անակնկալ ստորագրութեամբ. դուն ուզածիդ չափ տագնապի՛ր ու քունդ կորսնցո՛ւր, սխալագրողներուն բնաւ ալ հոգը ըլլալ չի թուիր: Կ’ըսեմ՝ լռեմ, սպասեմ, թերեւս ժամանակաւոր վրէպ մըն է, Սուրբ հոգին կը ներգործէ, եւ ամէն բան կարգի կը մտնէ...
Ու չի մտներ:
1. Մեղանչողներու առաջին գիծին վրայ կը գտնուի նոյնինքն Պալեանը, անշուշտ զինք հիւրընկալող թերթերու նրբանկատ ու դաւադիր ներողամտութեամբ ու բարեհաճութեամբ:
Պէ՞տք է յիշեցնեմ,– սակայն քանի՞երորդ անգամուան համար,– որ երբ կարենալ բային կից կը գտնուի ուրիշ բայ մը, այս մէկը ոչ մէկ, բացարձակապէս ոչ մէկ փոփոխութեան պէտք է ենթարկել: Հոն ուր նուազագոյն փոփոխութան ենթարկելու փորձութեան կը մատնուինք, ապա պէտք է իսկոյն անդրադառնանք, թէ կը սխալինք, ուստի վերանայինք մեր...լեզուագիտութիւնը:
***«Իրատեսութեան հետ ե՞րբ պիտի ժամադրուինք կարենալ որոշելու համար, թէ Ռիւպիքոնի ո՞ր ափին պիտի մնանք» («Ազդակ», 10-1-18, էջ 5):
---Այսինքն ՝ որոշել կարենալու համար:
Իսկ իտալական Rubicon գետը, որ Յուլիոս Կեսար հատեց իր զինեալ լեգէոնականներուն հետ, երկու հազարամեակէ ի վեր հայերէն գրուած է Ռուբիկոն:
Մաշալլա՜հ... երեք սխալ մէկ հատիկ անունի տառադարձութեան մէջ:
***Այս կարենալ ընելու համար ճշմարիտ հոգեկան ուժ պէտք է» («Ազդակ», 22-1-18, էջ 4):
---Այսինքն՝ ընել կարենալու համար:
***Հայաստանը կարենալ տոկալու համար պէտք ունի ժողովուրդին (Հայրենիք, 14-2-18):
---Այսինքն՝ տոկալ կարենալու համար:
Նոյն տեղը կը գտնեմ «ամպագոռգոռ ժողով», որ երկար ատեն ամպագորգոռ կը գրէր բարեկամս. ուրեմն բարենիշ մը՝ սրբագրուած է այս սխալը: Սակայն հիմա ալ աւելցած է ուրիշ փորձանք մը, որ է թրթուռ բառը, որ Մեսրոպէն ի վեր կը գրուի թրթուր՝ երկու ՐՐ-ով: Անշուշտ ուրիշ է թրթիռ-ը:
Նոյն տեղը կը գտնեմ թօփել, որ քանի մը անգամ սրբագրեցի դոփել, եւ ահա փաստօրէն տակաւին չէ փոխուած: Նայինք մինչեւ ե՛րբ:
2. Իսկ միւս սխալագրողները ստորեւ:
ա) Դա՛րձեալ «Հայրենիք»-ի մէջ եւ Գէորգ Պետիկեանի ստորագրութեամբ.
***Քիչ գումար չէր կարենալ տեսնելու համար («Երկու հարիւր», 15-2-18 ):
Որ պէտք է ըլլայ՝ «տեսնել կարենալու համար»:
Նոյն տեղը կը գտնենք՝
---Հայաստան կ’ըսեմ ու կը կրկնեմ...:
---Բարեւ Հայաստան, դուն բոլոր հայութեան պայծառ հայրենիք (25-10-26):
Հայաստան կոչական է երկուքին մէջ ալ, ուրեմն պէտք է տրոհուի սա՛պէս՝
---Հայաստա՛ն, կ’ըսեմ ու կը կրկնեմ...:
---Բարե՛ւ, Հայաստա՛ն, դուն բոլոր հայութեան պայծառ հայրենիք (25-10-26):
Այս վերջին օրինակին մասին կ’ուզեմ քիչ մը աւելի խօսիլ, թերեւս գտնեմ ունկնդիրներ, որոնք ցանկան քիչ մը աւելի սորվիլ, ինչ որ հազիւ թէ կարենային ընել իրենց արեւմտահայ վարժապետներուն հետ եւ արեւմտահայ վարժապետանոցներու մէջ:
Ուրեմն ամբողջ տողը կոչական է, երկո՛ւ կոչական, այսինքն՝ անունը այն առարկային, որուն խօսողը-գրողը կ’ուղղէ իր խօսքը:
Առաջինը առանձին յատուկ անուն մըն է՝ Հայաստան:
Իսկ երկրորդը ամբողջ բառակապակցութիւն մըն է, ուր գերադաս անդամը հայրենիք գոյականն է: Այս պարագային կը շեշտենք կոչականին վրայ դրուած որոշիչ ածականը՝ պայծա՛ռ: Ուրեմն՝
ա. Հայաստա՛ն
բ. Դուն բոլոր հայութեան պայծա՛ռ հայրենիք:
Եւ վերջապէս, պէտք չէ ըսել «բոլոր հայութեան», այլ՝ ամբողջ հայութեան:
Բաղդատել՝
---ամբողջ հայութիւնը, ամբողջ ազգը, ամբողջ Հայաստանը...
---բոլոր հայերը, բոլոր ազգայինները, բոլոր գաղութները...
բ) Յաջորդը՝ Պօղոս Շահմելիքեանի ստորագրութեամբ «Ազդակ»-ի մէջ:
***Ընկերս մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ առանց կարենալ կարդալու գրութիւնս («Երբ թրքերէնն ու հայերէնը կը միաձուլուին», 16-2-18, էջ 4):
Անշուշտմեծ անբախտութիւն մըն էր ըծնկերոջ մեկնիլը՝ առանց «կարդալ կարենալու» գրութիւնը, բայց եւ այնպէս մնացածներս, որ կարդացինք զայն, չենք կրնար յաւակնիլ , թէ այս աշխարհէն մեկնողէն աւելի բախտաւոր եղանք :
* *
*
Հիմա լաւատեսութեամբ մը յուսանք ու մաղթենք ի խորոց սրտի, որ գոնէ ժամանակի մը համար մեր այս (եւ մնացեալ) թերթերն ու գրողները քիչ մը խղճան մեր այս ջրատար արեւմտահայերէնին եւ դադար տան այս դասականացած ու մեր ջիղերը թունդ հանող սխալագրութեանց՝ խնայելով նորերն ալ:
Եւ մանաւանդ, մանաւանդ, արեւմտահայը քիչ մը «հայերէն սորվիլ» սորվի:
Ամէ՜ն:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան