image

Նարեկ Կարապետեան խօսած է այլ ուժերու հետ ընտրական դաշինք կազմելու մասին

Նարեկ Կարապետեան խօսած է  այլ ուժերու հետ  ընտրական դաշինք կազմելու մասին

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Նարեկ Կարապետեանը յայտարարած է, որ իրենց քաղաքական ուժը կը բանայ դռները բոլոր քաղաքական ուժերու համար, որոնք կ՚ուզեն միաւորուիլ եւ միասին մասնակցիլ առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ 

Նարեկ Կարապետեան այս մասին ըսած է դիմատետրի իր էջին հրապարակած տեսանիւթին մէջ։

«Մենք մեր դռները բացում ենք բոլոր նոր ուժերի առջեւ, որոնք ցանկանում են միաւորուել եւ փոխել մեր երկրի ընթացքը։ Մենք կը ստեղծենք դաշինք՝ «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ»։ Միասին մենք կը կարողանանք արդարացնել մեր ժողովրդի սպասելիքները եւ լուծել մեր ազգի առջեւ ծառացած խնդիրները»,-ըսած է Կարապետեանը։

Հայաստանի մէջ խորհրդարանական հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան 2026 թուականի յունիս 7-ին։ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան հիմնադիրը գործարար «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեանն է։