image

Խուզարկութեան ենթարկուած է «Yerevan.today» կայքի խմբագրատունը

Խուզարկութեան ենթարկուած է «Yerevan.today» կայքի  խմբագրատունը

ՀՀ ոստիկանութեան 6-րդ վարչութեան եւ Քննչական կոմիտէի աշխատակիցներն այս պահուն խուզարկութիւն կ'իրականացնեն «Yerevan.today» կայքի խմբագրութենէն ներս: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է կայքի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը: «Այլ մանրամասներ այս պահին չեմ կարող հաղորդել, աւելի ուշ կը ներկայացնեմ»,-ըսած է ան:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Yerevan.today»–ը, իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները կայքի լրագրողներուն թոյլ չեն տար ներս մտնել, խմբագրութեան աշխատանքն ամբողջապէս խաթարուած է։ Խուզարկութիւն իրականացուած է նաեւ կայքի սեփականատիրոջ բնակարանէն ներս։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ կայքը յայտարարութիւն տարածած էր, որուն մէջ ըսուած էր.

«Yerevan.Today-ի յարգելի այցելուներ, համացանցում տարածուել է տեղեկութիւն, թէ իբր մեր կայքը 2 օր առաջ, տեղադրել էր ԱԱԾ եւ ՅՔԾ ղեկավարների հեռախօսազրույցը՝ իբրեւ թէ նախօրօք իմանալով:

Ցուցադրուում են ինչ-որ «ապացոյցներ»: Համացանցային փորձագէտներն արդէն հերքել են դա՝ նշելով, որ Google համակարգում առկայ է խնդիր: Բայց միեւնոյնն է՝ լայնօրէն տարածուում է կեղծ տեղեկութիւնը, որը վերածուում է մեր կայքի դէմ լայն հակաքարոզչութեան: 
 Յայտնում ենք որ ձայնագրութեանը տեղեկացել ենք պատահական, սեպտեմբերի 11-ին ճիշդ նոյն ժամերին՝ 14:00 կողմերը, ինչ մեր այլ գործընկերները եւ համացանցից օգտուողները:


Կայքում տեղադրել ենք 15:00-ին մօտ, երբ այն արդէն լայնօրէն տարածուել էր: Դրել ենք տեսանիւթը սղագրելուց յետոյ միայն:

Ուստի խնդրում ենք ապատեղեկատուութիւն չտարածել:
Շնորհակալություն:

Յ.Գ. Եթէ իմացել ենք ձայնագրութեան մասին, բա՞ ասուլիսի մասին ոնց ենք իմացել: Ուշադիր նայէք լուսապատճենին»։

Խուզարկութեան առնչութեամբ հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ ՔԿ-ն:

«ՀՀ քննչական կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութեան վարոյթում շարունակուում է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի գաղտնիութիւնը խախտելու՝ այն ձայնագրելու եւ տարածելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը։ Հաշուի առնելով հանրութեան հետաքրքրութիւնը՝ տեղեկացնում ենք, որ քննութեան շրջանակներում, օրէնքով սահմանուած կարգով, մի քանի հասցէներում կատարուում են խուզարկութիւններ։ Քրէական գործով այլ մանրամասներ հրապարակման ենթակայ չեն»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։