ՀՄԸՄ Հալէպի մարզական ընտանիքին համար ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ է հայազգի խոստմանլից անուն՝ Գրիգոր Սարաճէեանի ընտրութիւնը Սուրիոյ պատանիներու U18 պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի վերջնական կազմին մէջ։ Այս ընտրութիւնը ոչ միայն երիտասարդ մարզիկի անձնական յաջողութիւնն է, այլ նաեւ վկայութիւն՝ ՀՄԸՄ-ի շարունակական աշխատանքին, կարգապահ մարզական դաստիարակութեան եւ հայ երիտասարդին մէջ ապրող մրցունակ ոգիին։
Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Հպարտութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ ՀՄԸՄ Հալէպի մարզական ակումբի վարչութիւնը կը շնորհաւորէ իր շնորհալի մարզիկը՝ Գրիգոր Սարաճեանը, որ ընտրուած է Սուրիոյ պատանիներու՝ U18 պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի վերջնական կազմին մէջ։
Սուրիոյ հաւաքականը պիտի մասնակցի Յորդանանի մէջ կայանալիք Արեւմտեան Ասիոյ ընտրական մրցաշարքին, ուր մեր երիտասարդ մարզիկները պիտի փորձեն պատուով ներկայացնել սուրիական պասքեթպոլը։
Գրիգորի ընտրութիւնը պատիւ է ոչ միայն իրեն եւ իր ընտանիքին, այլ նաեւ ՀՄԸՄ Հալէպի մեծ ընտանիքին, որ տարիներ շարունակ կը շարունակէ պատրաստել կարգապահ, նուիրեալ եւ խոստումնալից մարզիկներ։
Կը մաղթենք Գրիգոր Սարաճեանին յաջողութիւն, վստահութիւն եւ փայլուն ներկայութիւն՝ հաւաքականին շապիկով։ Վստահ ենք, որ ան պիտի ունենայ այնպիսի ելոյթ մը, որ կը վայելէ իրեն, ՀՄԸՄ-ին եւ Սուրիոյ պասքեթպոլին։
Բարի երթ եւ յաջողութիւն, Գրիգո՛ր։