Էրէբունիի զօրակայանին հարեւանութեամբ գտնուող Խորենացի փողոցին վրայ հաւաքուած բողոքարարները «Համակարգող խորհուրդ» կազմեցին: Այս մասին բեմէն յայտարարեց «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան: Ան նաեւ ըսած է, որ Ժիրայր Սէֆիլեան չէ փոխած իր մօտեցումները եւ Սերժ Սարգսեանի պահանջը կը շարունակէ մնալ հիմնական օրակարգ եւ պահանջ: Նշենք, որ աւելի շուտ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը իր գլխաւոր ներկայացուցիչ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ հեռացաւ այս շարժումէն: Այլ գետնի վրայ «Սասնայ ծռեր» խմմբակի անունով հանդէս եկող Վարուժան Աւետիսեան յայտարարեց, որ հետ այսու կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն իրականացնող Արցախի ազգային հերոս Վիթալի Բալասանեան կը դադրի միջնորդի դեր ունենալէ եւ իրենք միջնորդութեան համար յարմար անձի մը անունը պիտի տան ամէնէն յարմար առիթին: Նշենք, որ այսօր եւս Խորենացի փողոցը մարդաշատ էր եւ հոն ելոյթներով հանդէս եկած են հասարարական ներկայութիւն եղող դէմքեր: