Փորթուգալիոյ խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։ Այս մասին գրառում կատարած է Արցախի Հանրապետութեան Միջին Արեւելքի մշտական ներկայացուցչութեան (նստավայրը ՝Պէյրութ) խորհրդական Պետօ Տէմիրճեանը։ Կը նշուի նաեւ, որ ճանաչման նիստը կայացած է 26 ապրիլին Փորթուգալիոյ մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ։
Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին այս երկրորդ դէպքն է, որ կը գրանցուի եւ շուրջ տաս օրեր առաջ Իտալիոյ ներկայացուցիչներու պալատը նոյնպէս նման ծանրակշիռ վճիռ մը արձակած էր եւ աւելի վճռական մօտեցումներով ընդուած Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։