ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ Կարէն Միրզոյեանը նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան:
Ինչպէս կը հաղորդէ ՀՀ ելեկտրոնային կառավարման e-gov.am կայքը, վարչապետը որոշումը ստորագրած է 28 յունիսին:
«Ղեկավարուելով «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 16-րդ յօդուածի 1-ին մասով` Կարէն Միրզոյեանին նշանակել յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան»,-նշուած է որոշման մէջ:
Կարէն Միրզոյեանը Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած է 2012 թ. 22 սեպտեմբերէն մինչև 2017թ. 25 սեպտեմբերը: