image
Հրատապ լուրեր:

Կալանաւորման Հրաման Կիւլէնեան Հետեւորդ «Զաման» Թերթի Նախկին Գլխաւոր Խմբագրին Դէմ

Կալանաւորման Հրաման Կիւլէնեան Հետեւորդ «Զաման» Թերթի Նախկին  Գլխաւոր Խմբագրին  Դէմ

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, Չորեքշաբթի օր Պոլսոյ դատարան մը կալանաւորման հրաման մը  արձակած է Կիւլէնեան շարժումի հետեւորդ, «Զաման» թերթի գլխաւոր խմբագիր Էքրամ Տումանլիի  դէմ, ընդառաջելով Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան պահանջը:Էքրամ Տումանլու ամբաստանուած է «զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը առաջնորդելուն եւ ընտրուած թրքական կառավարութիւնը տապալել ծրագրելուն մէջ»: Դատարանի այս որոշումը եկաւ որպէս շարունակական հետաքննութիւն «Սալէմ Թէվհիտ» կազմակերպութեան, խումբ, որ ամբաստանուած էր կառավարական բարձրաստիճան գործիչները գաղտնալսելու, որոնց մէջ էր վարչապետը եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Նախապէս հրաման թողարկուած էր Պոլսոյ գլխաւոր  դատախազի տեղակալ՝ Իրֆան Ֆիտանզի պահանջքով հարցաքննել Տումանլին «Ֆաթհուլլա Կիւլէն, ահաբեկչական FETO կազմակերպութեան առաջնորդին հրամանը փոխանցելուն խումբի անդամներուն»եւ «Հասարակական կարծիք ձուլելով, մետիան որպէս գործիք օգտագործելուն» համար: Աղբիւրը նաեւ կը  գրէ, թէ  գլխաւոր խմբագրին  գտնուած վայրը անյայտ է եւ հասարակութիւնը երկու ամիսէ կը փնտռէ Տումանլուն: