Արցախեան սահմանին իրենց պարտականութիւնը կատարած հայ զինուորները արիւնով գրեցին այս նոր օրհասին կարմիր էջերը: Սահման գծեցին, գիւղ ապահովեցին, դիրք պահեցին, քարտէզ պահեցին եւ հրադադար պարտադրեցին արիւնով: Այսօր արցախեան գոյամարտը նոր բեմահարթակ տարուեցաւ եւ Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ քննարկումներու բաց փուլ մը, որ կրնայ աւելիով թէժանալ: Յառաջիկայ օրերը կրնան կարեւոր անակնկալներ երեւան հանել: Բանակցութիւններ, կարգաւորման առաջարկներ, զիջում, հրադադարի կայունացում հուսկ մինչեւ ղարաբաղեան կողմին մասնակցութիւնը բանակցութիւններու սեղանին: Այս բոլորը կրնան ըլլալ: Պարզ է նաեւ, որ Մոսկուայի հրադադարը արագօրէն վերահաստատելու ուղղած ճիգերը երկու կողմերուն ալ որոշ թելադրանքներ կը յղէր: Կովկասը կարմիր գիծ է ռուսներուն համար: Կարմիր գիծ է, ինչպէս որ կարմիր գիծեր են Սուրիոյ «տաք ջուրեր»ը:
Այս բոլորէն անդին կարեւորը հայկական կողմին ցուցաբերելիք լրջութիւնն ու ներքին միասնութիւնն է: Երեւելի է նաեւ, որ տարբեր քաղաքական կողմեր կը փորձեն այս ընդհանուր մթնոլորտի ֆոնին վրայ ինքնահասատումներ ընել եւ անհեթեթ յայտարարութիւններով հանդէս գալ:
Չէ՛ տղերք, այս չէ ձեւը: Մեր տղաքը սահմանը իրենց արիւնով չներկեցին, որ այսօր դուք Երեւանի փողոցներուն մէջ մոլուցքի ամէնէն ձախող ելոյթներով փորձէք ապականել մարտերէն ետք աճած ընդհանուր դրական մթնոլորտը:
Չէ՛ տղերք, տղոց արիւնը դեռ հողին վրայ է ու հազիւ, թէ անոնց հոգին հասաւ յաւիտենական հանգիստի:
Անոնց պատգամը մէկ էր: Միասին եղէ՛ք: Միասին կռուեցէ՛ք ու միասին պահեցէ՛ք Արցախը:
Դարերու խորքերէն մեզի հասնող աւանդութիւնը կը յուշէ, որ Սուրբ Պատարագի գինին պիտի ըլլայ անապական եւ անխառն:
Այսօր ալ նոյնն է: Մեր պատարագի գինին պատրաստ է, ջուր մի խառնէք այդ գինիին: