Իսրայէլի վարչապետ՝ Բենիամին Նաթանիահու զգուշացուցած է, թէ որեւէ նախամտադրուած հրդեհ «ահաբեկչական արարք» պիտի նկատուի, ակնարկելով երկրի ընդարձակ վայրերուն մէջ տարածուած մեծ հրդեհներուն, որոնք հասած են մինչեւ երկրի հիւսիսը գտնուող Հայֆա քաղաքը: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս», նշելով, թէ Նաթանիահուի կառավարութիւնը, ընկերային ցանցերու վրայ՝ պատահած հրդեհներու նկատմամբ քաջալերանք նկատած է :
Ներքին անվտանգութեան նախարար՝ Կէլաատ Արտան այս մասին յայտնած է, թէ «հրդեհներու մեծ մասը նախամտադրուած էին, ահաբեկչական հրդեհներ են ասոնք», աւելցնելով, որ «Այս շրջանին ձերբակալուած են քանի մը հոգի, պիտի հասնինք յանցագործներուն, ինչպէս նաեւ համացանցի միջոցով անոնց սատարողներուն»:
Իր կարգին, իսրայէլեան Քնիսէթի արաբ երեսփոխան, Միացեալ ցանկի նախագահ եւ Հայֆայի քաղաքացի՝ Այման Աուտէ հերքած է արաբ քաղաքացիներու մասնակցութիւնը այս հրդեհներուն: Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած արաբներուն նկատմամբ իսրայէլեան մեղադրանքներուն պատասխանելով, ան ըսած է. «Այնտեղ հրահրում կայ արաբ զանգուածներուն նկատմամբ, որ պէտք է կասեցնել անմիջապէս »: