image

Իսրայէլ իր արարքին համար պատասխան պիտի տայ. «Ալ Քասսամ»

Իսրայէլ իր արարքին համար պատասխան պիտի տայ. «Ալ Քասսամ»

«Համաս»ի ռազմական թեւը հանդիսացող «Ըզ Ալ Տին Քասսամ»ի ջոկատները հաստատած են, որ Իսրայէլ պատասխան պիտի տայ Կազայի մէջ ինքնապաշտպանական ուժերուն դէմ հակամարտութեան օրէնքները խախտած ըլլալուն համար, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» կայանը:

Օրերս իսրայէլեան կողմի յարձակումներուն հետեւանքով ինկած զոհերուն նուիրուած «Ալ Քասսամ»ի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Թշնամիի ղեկավարներն ու որոշում կայացնողները պէտք է գիտակցին իրենց յիմարութեան չափը, որով կը ջանան հակամարտութեան դուրս գալ ինքնապաշտպանութեան ուժերուն դէմ»:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է նաեւ, որ թշնամին պիտի զղջայ ինքնապաշտպանութեան ուժերու լռութիւնը չարաշահելուն եւ սխալ ռազմավարութիւն որդեգրելուն համար:

«Ալ Քասսամ» շեշտած է, որ Երուսաղէմի համար մղուող պայքարը պիտի շարունակուի ամէն կերպով ու միջոցով, եւ հազարաւոր մարտիկներ ամենադաժան պայմաններու մէջ կը կռուին, յանուն Երուսաղէմի ազատագրման: