Հինգշաբթի առաւօտ մեծ պայթում տեղի ունեցած է Դամասկոսի արեւելեան շրջանին մէջ, օդակայանին հարեւանութեամբ:
Reuters-ի փոխանցմամաբ, ընդդիմադիր աղբիւներ նշած են, որ պայթումի ետին կանգնած են Իրանի կողմէ աջակցութիւն ստացող ուժեր: Պայթումի հետեւանքով հրդեհ բռնկած է:
BBC Arabic-ը իր հերթին կը հաղորդէ, որ պայթումը հետեւանք էր Իսրայէլեան օդուժի կողմէ Դամասկոսի միջազգային օդակայանի մէկ հատուածին դէմ կատարուած հրթիռարձակման:
«Ալ Մարսատ» կայքին հաղորդմամբ յարձակումը թիրախ դարձուցած է օդակայանին մէջ գտնուող կարգ մը կործանիչներ:
Աղբիւրի փոխանցմամաբ, դեռ յայտնի չէ, թէ արդեօք պայթումը հրթիռային հարուածի հետեւանք է,թէ օդակայանին մէջ գտնուող նաւթի պահեստանոցի կամ ելեքդրական շարժակի մը պայթումին:
Նշենք, որ մինչեւ այս պահը Սուրիոյ կառավարութիւնը ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն կատարած է դէպքին վերաբերեալ: