«Your News Wire» լրատուական կայքը յայտնած է, որ Իսրայէլ միջուկային մարտավարական ռումբ արձակած է Սուրիոյ վրայ:
Կայքին փոխանցմամբ, 1945 թուականի ճափոնական զոյգ քաղաքներու միջուկային ռումբի զոհ դառնալէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով միջուկային ռումբը վերստին կ'օգտագործուի Սուրիոյ քաղաքները ռմբակոծելու նպատակով:
Աղբիւրին համոզմամբ, երէկ Համայի մէջ տեղի ունեցած զինամթերքի պահեստի պայթումը շատ զօրավոր էր, եւ 2.6 աստիճանի հասնող երկրաշարժ առաջացուցած էր: Մինչ այդ աւելի վաղ Հալէպի արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած զինամթերքի պահեստներու պայթումները նոյնպէս, ըստ տեղի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, արդիւնք էին օդային հարուածներու:
Աղբիւրը փոխանցելով Սուրիոյ ղեկավարութեան մտահոգութիւնը նշած է, որ Սուրիոյ կապարի պահեստներու հրդեհումը կրնայ մեծ պայթումներու պատճառ դառնալ, որուն հետեւանքները կրնան հասնիլ մինչեւ դրացի երկիրներուն, իսկ հակամարտութեան մէջ կրնան ներգրաւուիլ համաշխարհային խոշորագոյն ուժերը: