Իսլամական Համախմբում- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Իսլամական համախնբում կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 25 Սեպտեմբեր 1969-ին, Ռիպաթի եւ Մարոքի մէջ գրաւեալ Երուսաղեմի Ալ-Աքսա մզկիթի հրկիզման ոճիրէն ետք կայացած պատմական գագաթնաժողովին: Ան կը նկատուի երկրորդ ամենամեծ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւնը՝ ՄԱԿ-էն ետք եւ հիմնադրման օրէն անոր անդամ իսլամ երկիրներու թիւը 25-էն հասած է 57-ի: Ապա, 1970-ին առաջած էր կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարութիւնը եւ որու առաջին քարտուղարը եղած էր Մալիզիայէն Թանքո Ապտ Ալ-Րահմանը, որուն յաջորդած են 9 ուրիշներ եւ ներկայիս 10-րդը կը հանդիսանայ Իյատ Մատանին: Նոյն ժողովին Ժատտէն ընտրուած էր որպէս կազմակերպութեան ժամանակաւոր նստավայր, մինչեւ Երուսաղէմի ազատագրումը, որ պիտի ըլլայ կազմակերպութեան մշտական նստավայրը:
Կազամկերպութիւնը իր մէջ համախնբելով 1,5 պիլիոն իսլամ ժողովուրդ, կը հանդիսանայ անոնց ներկայացուցիչը եւ ան իր գործունէութեամբ կը համագործակցի ՄԱԿ-ի եւ այլ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, պաշտպանելու իսլամներու իրաւունքը եւ լուծելու անդամ երկիրներու միջեւ վէճերը, ինչպէս նաեւ պահպանելու իսլամութեան իսկական արժէքները: 57 երկիրներէ բաղկացած այս կազմակերպութիւնը սակայն տարբեր ժամանակներու կարգ մը երկիրներու անդամակցութիւնը բեկանած է՝ ինչպէս Աֆղանիստանինը (1980-1989), Եգիպտոսինը (1979-1984) եւ Սուրիոյ անդամակցութիւնը՝ 2012-էն մինչեւ օրս:
Կազմակերպութիւնը իր մշակուած օրէնսդրութեամբ կը հետապնդէ հետեւեալ նպատակները՝ խթանել եւ աջակցիլ անդամ երկիրներու միջեւ եղբայրութեան եւ համերաշխութեան կապերուն, պահպանել եւ պաշտպանել անոնց ընդհանուր շահերը եւ կեդրոնացնել ջանքերը՝ յաղթահարելու համար իսլամական աշխարհին եւ Միջազգային հանրութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, յարգելով անդամ երկիրներու ինքնորշման, անկախութեան եւ հողային ամբողջութեան իրաւունքները:
Իսլամական Համխմբում կազմակերպութիւնը կը բաղկանայ իսլամական գագաթնաժողովէն, որ կը ներառէ անդամ երկիրներու թագաւորները, պետութեան նախագահներն ու կառավարութիւնները եւ ան կը նկատուի կազմակերպութեան ամենաբարձր մարմինը. իր նիստը կը գումարէ երեք տարին անգամ մը՝ քննարկելու, որոշումներ կայացնելու եւ խորհրդատուութիւն տալու իր նպատակներուն ծառայող հարցերուն շուրջ: Ան ցայսօր գումարած է 12 գագաթնաժողով, իսկ 13-րդը պիտի կայանայ այսօր 14 ապրիլ 2016-ին Իսթանպուլի մէջ: Կազմակերպութիւնը 47 տարիներու ընթացքին ունեցած է նաեւ 4 արտակարգ նիստեր, որոնցմէ վերջինը 2012-ի օգօստոսին էր: