«Մեր ունեցած վերջին տուեալներով Իրպիլի եւ շրջակայից քաղաքներուն մէջ կ'ապրին 372 հայ կաթողիկէներ: Մեր եկեղեցւոյ անդամ այս հաւատացեալները Իրպիլ հասած են` խոյս տալով Իրաքի տարբեր քաղաքներու եւ մասնաւորապէս Մուսուլի մէջ ծայրայեղ իսլամականներու բռնարարքներէն»,- «Արեւելք»ին յայտեց Իրաքի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Տէր Էմանուէլ Եպսկ. Տապպաղեան: Սրբազան հայրը նաեւ դիտել տուաւ, որ այսօրուան դրութեամբ Պաղտատի մէջ կը գործեն երկու հայ կաթողիկէ եկեղեցիներ: Այդ եկեղեցիները կը գործեն Պաղտատի Քրրատէ շրջանին մէջ եւ անոնք կը կոչուին՝ Ս. Փրկիչ առաջնորդանիստ եկեղեցի եւ Ս. Կուսին Նարեկայ եկեղեցի: Ըստ Գերապայծառին՝ հակառակ երկրին մէջ նկատուող անապահով իրադրութեան, եկեղեցիներուն մէջ կանոնաւոր կերպով Ս. Պատարագ կը մատուցուի , ուր ներկայ կ'ըլլան համայնքի զաւակները: Իրաքի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդին ըսելով, երկրին մէջ այսօր կ'ապրին շուրջ 250 հայ կաթողիկէ ընտանիքներ, մինչ այս վերջին հանգրուանի ծանր դէպքերէն առաջ ամբողջ Իրաքի մէջ կային 600 հայ կաթողիկէ ընտանիքներ: Այդ ընտանիքներէն շատեր ստիպուած եղած են լքել Իրաքը, որովհետեւ իրենց ապրած շրջաններուն մէջ զգալիօրէն տիրապետող եղած է ծայրայեղական իսլամներու կողմէ գործադրուած բռնարարքներու աճը եւ ահաբեկչական պայթումները: Խօսելով ներկայ իրադրութեան մասին, Գերապայծառը նկատել տուաւ, որ հակառակ անոր, որ երկիրը մատնուած է բաւականին լուրջ անապահով իրավիճակի մը, հայերը հաստատակամ կը մնան եւ վճռած են շարունակել իրենց կեանքը մասնաւորապէս Պաղտատի եւ շրջակայից տարբեր շրջաններուն մէջ: Գերապայծառը նաեւ նշեց, որ քրիստոնեաները Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի մէջ եկուորներ չեն, եւ անոր համար է նաեւ, որ անոնք պէտք է ամէն գնով կառչած մնան այս հողերուն: «Մեզի համար այսօր Իրաքի եւ Միջին արեւելեան երկիրներու մէջ ապրիլը Քրիստոսի համար վկայութիւն կատարելու պէս բան մըն է, մենք եկուորներ չենք այս հողին վրայ, այլ իրաւատէրներ եւ բնիկներ: Մենք այս հողերուն վրայ է նաեւ, որ պիտի շարունակենք մեր քրիստոնէական վկայութիւնը տալ»:
Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին՝ կապուած Սինճարի մէջ հայ կաթողիկէ եկեղեցիի մը գոյութեան մասին, Գերապայծառը նշեց, որ Սինճարի մէջ հայ կաթողիկէ համայնքը եկեղեցի չէ ունեցած, այլ ունեցած է մատուռ մը Ս. Գէորգ անունով, ուր մինչեւ 2014 թուականի Մուսուլի յայտնի դէպքերը շաբաթական դրութեամբ Ս. Պատարագ կը մատուցուէր եւ Գերապայծառին կարգադրութեամբ Պաղտատէն վարդապետ մը Սինճար կը մեկնէր, այդ արարողութիւնը կատարելու համար, սակայն դէպքերէն անմիջապէս առաջ, Սինճարի բոլոր հայերը վտանգը նախազգալով հեռացած էն շրջանէն: Այստեղ տեղին է նշել, որ նախօրօք «Արեւելք» Իրպիլի իր աղբիւրէն տեղեկութիւն ստանալով , գրած էր, թէ Սինճարի մէջ կը գտնուի Ս. Մարիամ Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցին, որը կը պատկանի ոչ թէ հայ կաթողիկէներու, այլ կը պատկանի շրջանի ասորի համայնքին եւ, որ հիմնականապէս քանդուած էր «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման հրթիռարձակումներուն հետեւանքով: Այստեղ կ'ապաւինինք մեր ընթերցողներու ներողամտութեան, տրուած սխալ տեղեկութեան համար եւ Իրաքի հայ կաթողիկէ առաջնորդի տեղեկութիւններուն եւ ստոյգ լուրերուն վրայ հիմնուելով, կրնանք հաստատապէս յայտնել, որ Սինճարի մէջ եղող հայ կաթողիկէ մատուռը կը կոչուի Ս. Գէորգի անունով: Մեր ունեցած զրոյցի վերջին բաժնով Գերապայծառ Տապպաղեան յայտնեց, որ Իրաքի մէջ այսօր կացութիւնը կը մնայ վտանգաւոր, սակայն քրիստոնէական յոյսի շնորհիւ համայնքը կը շարունակէ ապրիլ եւ հնարաւորինս պահպանել իր գոյութիւնը այդ հիւրընկալ երկրին մէջ: