image

Իրաք դատապարտած է սուրիական ուժերուն դէմ ուղղուած հարուածները

Իրաք դատապարտած է սուրիական ուժերուն դէմ ուղղուած հարուածները

Իրաք պաշտօնապէս դատապարտած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարող ուժերուն ուղղուած հարուածները:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Իրաքի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ուր դատապարտած է Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դէմ ուղղուած Միջազգային դաշնութեան հարուածը, որուն մասին յայտարարած էին սուրիական լրատուամիջոցները:

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ թէ' Սուրիոյ, թէ' Իրաքի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման դէմ պայքարող ուժերուն ուղղուած որեւէ հարուած դատապարտելի է, որովհետեւ յիշեալ խմբաւորումը համայն մարդկութեան վտանգաւոր թշնամին է:

Նախարարութիւնը կոչ ուղղած է բոլոր երկիրներուն համախմբուելու եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ համատեղ պայքար մղելու: