image

Իրանի նախագահ. «Ժահրին դէմ պիտի պայքարին նաեւ զինուած ուժերը»

Իրանի նախագահ. «Ժահրին դէմ պիտի պայքարին նաեւ զինուած ուժերը»

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին յայտնած է, որ նոր տեսակի քորոնա ժահրի դէմ պայքարին մէջ Իրանը ներգրաւուած է Զինուած ուժերը։ Այդ մասին կը հաղորդէ նախագահի պաշտօնական կայքը։

«Մենք կ'ուզենք կարճ ժամանակահատուածի մէջ վերահսկողութիւն սահմանել հիւանդութեան նկատմամբ՝ զոհերու թիւը նուազագոյնի հասցնելու համար»,- նշած է Ռոհանին։

Հասան Ռոհանին նաեւ ընդգծած է, որ քորոնա ժահրի դէմ պայքարին պիտի կներգրաւուին պետական բոլոր մարմինները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները։

Յիշեցնենք, որ Իրանի մէջ քորոնա ժահրէն մահացածներու թիւը հասած է 8-ի։

Աւելի վաղ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած էր, որ պիտի դադարեցուի Իրան-Հայաստան օդային հաղորդակցութիւնը ու Մեղրիի սահմանային անցակէտով անձանց մուտքը Հայաստան։

Իրանի հետ սահմանը փակած էին Թուրքիան, Քուէյթը, Իրաքը։

Վրաստանը կասեցուցած է օդային հաղորդակցութիւնն Իրանի հետ, սակայն դեռ բաց է Իրանի հետ վրացական ցամաքային սահմանը։