image

Իրան կը հաստատէ Պաղտատի մահը (Լուսանկար)

Իրան կը հաստատէ Պաղտատի մահը (Լուսանկար)

Իրանեան լրատուական գործակալութիւնը լուսանկարներ տարածած է, հաստատելով «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման առաջնորդ Ապու Պաքր Պաղտատիի սպանութեան մասին լուրերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Իսլամական Պետութեան առաջնորդի սպանութեան պաշտօնական հաստատումը դեռ չէ եղած:

Նախպէս Ռուսական Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ ռուսական ուժերու մայիսի վերջը Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին վրայ իրականացուցած օդային յարձակումներուն ժամանակ, սպաննուած է Տահէշի ղեկավար՝ Ապու Պաքր Պաղտատին, մանաւանդ, որ իրենց թիրախը եղած էր Տահէշի ղեկավարներու ժողովատեղին: