Իրանեան լրատուական գործակալութիւնը լուսանկարներ տարածած է, հաստատելով «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման առաջնորդ Ապու Պաքր Պաղտատիի սպանութեան մասին լուրերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Իսլամական Պետութեան առաջնորդի սպանութեան պաշտօնական հաստատումը դեռ չէ եղած:
Նախպէս Ռուսական Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ ռուսական ուժերու մայիսի վերջը Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին վրայ իրականացուցած օդային յարձակումներուն ժամանակ, սպաննուած է Տահէշի ղեկավար՝ Ապու Պաքր Պաղտատին, մանաւանդ, որ իրենց թիրախը եղած էր Տահէշի ղեկավարներու ժողովատեղին:
![]()