Արագ եւ բաւական տրամաթիք զարգացումներ կը կատարուին Սուրիոյ մէջ: Թրքական հրասայլեր մուտք գործած են Թուրքիոյ հետ սահմանային Ճարապլուս քաղաք եւ ծանր հարուածներ կը հասցընեն շրջանին մէջ տեղակայուած Տահէշի դիրքերուն: Պէտք է հաշուի առնել, որ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը Ճարապլուսէն հեռացումին գործընթաց մը սկսած էր անցնող օրերուն եւ տեղեկութիւններ կային (տես «Արեւելք») այն մասին, որ Տահէշ ականապատած էր ամբողջ աւանը: Թրքական զօրքերուն այս շարժումը պատահական չէ, տակաւին թուրք մէկէ աւելի պատասխանատուներ կը յայտարարեն, որ այս գործողութիւնը կը կատարուի Տահէշի դէմ կազմուած միջազգային դաշինքի ուժերուն իմացութեամբ եւ համաձայնութեամբ:
Կարեւոր հարցումը, որ կը տրուի սակայն, թէ ինչո՞ւ Ճարապլուսը եւ ինչո՞ւ հիմա:
Սուրիոյ պատերազմի այս փուլին մանրանկարները, եթէ քով քովի բերենք յստակ կը դառնայ, որ Թուրքիոյ այս քայլին առաջնային եւ հիմնական նպատակն է «պողպատեայ օղակ»ի տակ առնել քրտական YPG ջոկատները, որոնք աւելի կանուխ յայտնած էին, որ մտադիր են Ճարապլուս մտնել եւ տիրապետել ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող եւ Թուրքիոյ հետ հիմնական ճանապարհ համարուող այդ կէտին վրայ: Այս դէպքերը կը կատարուին նաեւ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի Անգարա հասնելու պահուն: Այս քայլով Անգարա յստակ պատգամներ կը յղէ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն, ըսելով, իրենք պատրաստ են որեւէ պահու «վիրաբուժական» գործողութիւն կատարել՝ ամէն գնով բացառելու համար քրտական գործօնին աճը, կամ այրելու համար իր սահմանին քրտական միաւոր մը ստեղծելու բոլոր հաւանականութիւնները: Ինչ խօսք, որ Միացեալ Նահանգներ, որ մինչեւ երէկ զինուորական կարեւոր օժանդակութիւններ կը տրամադրէր քրտական ջոկատներուն, կրնայ մէկ վայրկեանէն միւսը խաղին մէջ ներգրաւուիլ եւ նոյնիսկ, իր կործանիչներուն կրակէտերը ուղղել դէպի քրտական դիրքերը: Անշուշտ այս բոլորը կը կատարուին Մոսկուայի իմացութեամբ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութինի Անգարա տալիք այցէն առաջ: Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք, եթէ հաստատենք, որ արեան գօտի դարձած Միջին Արեւելքի այդ հատուածին մէջ բոլոր գործընթացները կը կատարուին Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման համընդհանուր պայքարի դրօշին ներքեւ, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել Տահէշի տարածուած եւ պրէնտ (մակնիշ) դարձած շերտին այրումով, որուն տակ սակայն շատ աւելի մեծ եւ աւելի խորունկ հաշիւներ եւ հաշուեյարդարներ կան: